ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս Ուաշինկթըն այցելած են Աբօ Սաղտճեան ու անոր դուստրը՝ Նայիրին, մասնակցելու համար Հայ Դատի «Քեփիթըն կէյթուէյ»

վարժողական ծրագիրի կեդրոնի շէնքը Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անունով մկրտելու արարողութեան, որ կատարուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Սարգիս Աքթաւուքեանի կողմէ:
Արարողութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ու վարիչ գործավար Արամ Համբարեան, որոնք մատնանշեցին, թէ Յովիկ Սաղտճեան իր կարճ կեանքին ընթացքին իսկ կարեւոր ներդրում բերած էր Հայ Դատի պայքարին: Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ նաեւ Աբօ Սաղտճեան:
Այս առիթով, Սաղտճեան ընտանիքը 25,000 տոլար եւս նուիրեց սոյն ծրագիրին՝ 100,000ի հասցնելով Յովիկ Սաղ-տճեանի յիշատակին կատարուած նուիրատուութիւններուն գումարը:
Յիշեցնենք, թէ Ֆրեզնոյէն ուսանող Յովիկ Սաղտճեանի կեանքը 23 տարեկանին ընդհատուած էր անողոք ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, Յուլիս 2004ին: Ան անդամակցած էր ու գործօն անդամ էր ՀՄԸՄին ու ՀԵԴին, նպատակ ունենալով մասնակցիլ Ամերիկայի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու աշխատանքներուն: Ան 2003ին, «Հող եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան հետ, Հայաստանի մէջ կամաւոր աշխատանք կատարած էր ու Հայ Դատի յանձնախումբին հետ աշխատելու կողքին, մասնակցած էր նաեւ քոնկրեսական Ճորճ Ռատանովիչի ու նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի ընտարապայքարներուն: Ան նաեւ իւրայատուկ կապեր ունէր իր ծնողքին՝ Աբոյին ու Ռոզինին հետ, ինչպէս նաեւ իր քրոջ՝ Նայիրիին հետ:

Հայ Դատի «Քեփիթըն կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրը հաստատուած է 2003ին, եւ այդ թուականէն ի վեր, աւելի քան 150 հայորդիներ ապրած են վերոնշեալ կեդրոնատեղիին մէջ, երբ քոնկրեսական զանազան գրասենեակներու մէջ կ՛ամբողջացնէին իրենց վարժողական ծրագիրը:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/gateway համացանցային կայքէջը: