ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունուար 28ին հաղորդեց, թէ երկրին տնտեսութիւնը 3.2 տոկոսով աճած է 2010ի վերջին եռամսեակին, յատկապէս սպառողներու ցուցաբերած աշխուժութեան շնորհիւ: 2010ի երրորդ եռամսեակին աճը եղած է 6 տոկոս:
Նոյն օրը, «Ֆորտ» եւ «Ամազոն» ընկերութեանց հաղորդած տուեալները նշած են, թէ անոնց ապահոված եկամուտներն ու շահերը ակնկալուածէն նուազ եղած են, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական անորոշութիւնը պատճառ դարձած է բաժնետոմսերու գիներու անկումին եւ քարիւղի գինի աճին:
Յայտնենք, որ այս շաբթուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պահեստը որոշած էր ցած պահել տոկոսները եւ շարունակել 600 միլիառ տոլարի պարտատոմսեր գնելու ծրագիրը, տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով:
Տնտեսութեան աճը ակնկալուածէն աւելի դանդաղ ըլլալով՝ ցարդ կարելի չէ եղած յատկանշական բարեփոխում ապահովել անգործութեան տագնապին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.