ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ, Յունուար 28ին նշուեցաւ «Չելենճըր» անջրպետանաւի արկածին 25ամեակը. այս առթիւ Հանրային ձայնասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած լրատուութեանց մէջ յատկանշական էր արկածին զոհ գացած 7 անջրպետագնացներէն մէկուն՝ Ռան ՄըքՆիրի եղբօր վկայութիւնը: Ռան միայն երկրորդ սեւամորթն էր, որ անջրպետ մեկնած էր: Ան մահացած էր իր երկրորդ փորձին ընթացքին:
Քաջութեան, գիտութեան եւ «խենդութեան» իւրայատուկ միաձուլում մը հարկաւոր է՝ մասնակից դառնալու համար անջրպետագնացութեան արշաւին: Վերոնշեալ վկայութեան մէջ, Ռանի եղբայրը կը խօսի Ռանի բնածին քաջութեան մասին՝ պատմելով հետաքրքրական դրուագ մը անոր կեանքէն: Ըստ պատմութեան, իննամեայ Ռանը, առանց լուր տալու իր ընտանիքին, այցելած էր Հարաւային Քարոլայնայի մէջ սպիտակամորթներու յատուկ գրադարան մը, ուր գրադարանապետուհին մերժած է գիրքեր տալ երեխային, որ պնդած է իր իրաւունքին վրայ: Բարեբախտաբար, գրադարան կանչուած ոստիկաններէն մէկը բաւարար լայնախոհութիւն ցուցաբերած է՝ խնդրելով, որ գիրքերը տրուին երեխային, որ շնորհակալութիւն յայտնելով հեռացած է գրադարանէն: Ուրբաթ օր, խնդրոյ առարկայ գրադարանը Ռանի անունով մկրտուեցաւ: