ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, Յունուար 13ին այցելեց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանը. ներկայ էին եկեղեցւոյն Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Ճօէն Մէյմարեան եւ անդամներ:
Վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան սիրալիր կերպով դիմաւորեց հիւրերը եւ տեղեկութիւններ հաղորդեց վարժարանի արձանագրած յաջողութիւններուն մասին: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին եւ ի մասնաւորի Տիկնանց միութեան կեդրոնական վարչութեան, իրենց ցուցաբերած մշտական ընծայաբերումներուն համար:
Պատուիրակութեան մաս կազմող Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Յովսէփեան» վարժարանին՝ սիրալիր ընդունելութեան համար, եւ Տիկնանց միութեան կողմէ 3000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց վարժարանին՝ 2011 կրթական տարեշրջանին համար:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան փոխանցեց իր պատգամը:
Հանդիպման աւարտին, վարժարանի աշակերտները ասմունքներ ներկայացուցին՝ ներշնչում եւ ուրախութիւն պատճառելով Տիկնանց միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներուն:
Փակման խօսքը կատարեց Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.