ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղին 2010ի վերջին ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 25ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 46 անդամներու ներկայութեամբ: Ճաշի հովանաւորն էր բժիշկ Ռաֆֆի Պալեանը:
Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան ճաշօրհնէքէն ետք, Ս. Յակոբի եւ Ս. Ստեփանոսի տօներուն առիթով շնորհաւորեց ներկաները՝ խօսքը եզրակացնելով հետեւեալ նախադասութեամբ. «Մեր հաւատքը պահենք, որովհետեւ Աստուած ամէն վայրկեան մեզի հետ է»:
Ճաշի ընթացքին հնչեց մեղմ երաժշտութիւնը, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ վարչութեան անդամներ Անժէլ Սեփեթճեանի, Ալիս Խաչատուրեանի, ատենապետ Սուրէն Գահվէճեանի ու ատենադպիր Մարի Գարալեանի: Ատենապետը նաեւ «Բարի տարեդարձ» երգը նուիրեց ամսուան ընթացքին տարեդարձ ունեցողներուն, ապա կատարուեցաւ վիճակախաղ, որմէ բախտաւորուեցան 7 անդամներ:
Այս ուրախ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ միութեան կրթասիրած հիմնադրամին:
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղին յաջորդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 29ին, եւ անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ ողնայարի, մէջքի եւ ծունկի մասնագէտ, բժիշկ Քրիսթոֆըր Քայբեկեան: