ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Անցեալ Շաբաթ, Յունուար 27ին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ 29 պատգամաւորներ հանդէս եկան գրաւոր մէկ հռչակագիրով՝ «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավարական պետութեան կառուցում» խորագիրին տակ:
Սոյն փաստաթուղթի բնագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Ադրբեջանն իրեն հռչակեց որպէս 1918-1920թ.թ. Ադրբեջանի հանրապետութեան իրաւայաջորդ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը (Արցախ) երբեք այդ պետութեան կազմում չի եղել: Քեմալա-բոլշեւիկեան «գործարքի» պատճառով էր Լեռնային Ղարաբաղը յայտնուել Խորհրդային Ադրբեջանի կազմում… 1991 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հանրաքուէի միջոցով «այո» ասաց իր անկախութեանը: Հանրաքուէին հետեւել են եւ կայացած համարել միջազգային բազմաթիւ դիտորդներ»:
Միւս կողմէ՝ մէկ այլ լուր, որ մեզմէ շատերու ուշադրութենէն հաւանաբար վրիպեցաւ՝ արաբական աշխարհի եւ յատկապէս Եգիպտոսի քաղաքական իրադարձութիւններուն բերումով: Լուրը կը վերաբերի հարաւային Սուտանի անջատման ի նպաստ կատարուած հանրաքուէին: Ամերիկեան «Քարթըր» կեդրոնէն եւ Եւրոմիութենէն դէտեր ողջունեցին հանրաքուէն եւ յայտնեցին, թէ շրջանը մէկ քայլ աւելի մօտեցաւ անկախութեան, շատեր ալ ընդգծեցին, թէ անջատման արդիւնքը «գրեթէ ապահով» է:
Այս երկու յայտարարութիւնները, առաջին հայեացքով կը թուին կապ չունեցող՝ մէկը միւսին հետ: Սակայն այս երկու փոքրիկ «ոչ-լուրերը» հետաքրքրական են այն պատճառով, որ բազմաթիւ հակամարտութիւններ, ներառեալ՝ Արցախեանը, տարիներէ ի վեր կը մնան անլոյծ, եւ պատանդ են «ժողովուրդներու ինքնորոշման» սկզ-բունքին ու «տարածքային ամողջականութեան պահպանման» դրոյթին միջեւ իբրեւ թէ առկայ հակասութեան:
Միջազգային հանրութիւնը անդադար մեր քթին նետած է տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութիւնը, իբրեւ միջազգային կարգի պահպանման սրբութիւն, անժխտելի մէկ սկզ-բունք: Բայց այս իբրեւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնը այնքան ալ անմեղ չէ, մանաւանդ, որ խնդիրը հեռու է զուտ իրաւագիտական հարց ըլլալէ, եւ փաստօրէն՝ ճակատագրական նշանակութիւն ունի հազարաւոր մարդոց կեանքին մէջ:
Կարծեմ ընդունուած իրողութիւն է, որ երկիրներ ու պետութիւններ տարբեր պատճառներով ենթակայ են յարատեւ փոփոխութեան. ինչո՞ւ նոյն տրամաբանութեամբ անմարսելի կը թուի այն իրողութիւնը, որ այդ երկիրներու սահմանագիծերը եւս ենթակայ են երերումներու:
Կան ժամանակներ, երբ աշխարհի քաղաքական ոչ-իրադարձութիւնները նոյնքան նշանակալից են, ինչքան աղմկարար մեծ իրադարձութիւնները: Այդպիսին էր Յունուար 17ի Հարաւային Սուտանի ժողովուրդի հանրաքուէն:
Աշխարհագրական չափերով Սուտանը Ափրիկէի ամէնէն մեծ երկիրներէն մէկն է, սակայն միաժամանակ նոյնքան մեծ են քաղաքական եւ ընկերային տարբերութիւնները: Օրինականօրէն՝ անջատում կը նշանակէ քարտէսի վերագծում. սակայն այս խիստ ծանրակշիռ իրողութիւնը հետաքրքրականօրէն մնաց միջազգային մամուլի ուշադրութենէն դուրս, այն պատճառով, որ հակառակ մարգարէական գուշակութիւններու՝ բռնութիւններու եւ քաղաքացիական պատերազմի անխուսափելի վերադարձին մասին, հանրաքուէն անցաւ գրեթէ առանց միջադէպի. Սուտանի ղեկավարութինը յայտարարեց, գոնէ առայժմ, ընդունիլ հանրաքուէի արդիւնքները:
Անշուշտ դժուար է կանխատեսել ապագան. կասկածելի է, որ Սուտան յարգէ իր խոստումները. թերեւս երբ գայ այն պահը, երբ անջատումը դառնայ իրականութիւն, իշխանութիւնները երբեք պիտի չհաշտուին երկրին մէկ երրորդ տարածքը կորսնցնելու գաղափարին հետ, եւ այսպէս՝ քարիւղի հանքերով հարուստ Ապիէյ շրջանը դառնայ սահմանագիծ ու վերածուի զինեալ բախումներու նոր թատերաբեմի: Եւ կամ՝ տարածաշրջանի քաղաքական դինամիզմի փոփոխութիւնը, իր կարգին, ծնունդ տայ անխուսափելի նոր լարուածութիւններու կամ հակամարտութիւններու, ներառեալ Տարֆուրի մէջ:
Սակայն պահ մը եկէք վայելենք այս նախնական արդիւնքները եւ դրական ազդանշանները: Լաւ գիտեմ, դիւանագիտութեան հաւատամքի առանցքը տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն է. սահմաններու փոփոխութիւն միշտ եւ ամէնուր կը դիտուի իբրեւ «շատ վատ» բան. ինչո՞ւ:
Կ՛ըսուի, որ անիկա անկայունութեան խթան է, միջազգային «status quo»ի ուղղուած սպառնալիք է, եւ ապագան կը մղէ անծանօթի ու անհաշուելիի գիրկը:
Սակայն արդեօ՞ք սահմաններու փոփոխութիւն միանշանակ համազօր է անկայունութեան: Արդեօ՞ք սահմաններու վերաբաշխումը աւելի անկայունացնող է, քան՝ ըսենք, հրամցուող փոխընտրութիւնը՝ ակամայ միասին ապրելու ու պարտադիր խաղաղութեան պայմանները:
Եւրոպայի մէջ, աշխարհի տարածքին առկայ ազգային-պետական սահմաններու անփոփոխելիութիւնը՝ ենթադրեալ տեւականութիւնը, Սառը պատերազմէն յամեցող հաւատքի տարր է: Աւելի քան կէս դար, երկու գերպետութիւներու միջեւ որեւէ սակարկութիւն պայմանաւորուած էր սահմաններու անբռնաբարելիութեան նախապայմանով: Եալթայի համաձայնագիրով գծուած սահմաններու սրբագործումը արդիւնք էր վախի՝ աւելի սարսափելիի ակնակալումով:
Սակայն երբ եկաւ այն պահը, երբ այլեւս անհնար էր երկարաձգել Եւրոպայի բաժանումը, անհնար էր գծուած սահմաններու պահպանումը, թնճուկի կազմալուծումը ընթացաւ աներեւակայելի կարգապահութեամբ, առանց բախումներու (այստեղ դուրս կը ձգեմ Եուկուսլաւիան): Անշուշտ եղան նաեւ սիրտ խառնուքներ. օրինակ, կը յիշէ՞ք Մարկրեթ Թաչերը, թէեւ ան միակը չէր, որ ընդդիմացաւ երկու Գերմանիաներու միացման: Ի հարկէ, կային վիճարկելի պատառներ նաեւ Եւրոպայի ծայրամասերուն, այսպէս կոչուած՝ սառած հակամարտութիւններ, որոնք ցարդ կը մնան անլուծելի. յամենայնդէպս, Խորհրդային Միութեան փլուզումը տեղի ունեցաւ արտասովոր խաղաղ պայմաններու տակ:
Փլուզումի արդիւնք հանրապետութիւնները, որոնք անկախութիւն ձեռք բերին կամ վերանկախացան, այսօր վստահաբար գոհ են իրենց նորանկախ իրավիճակէն, ներառեալ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, որուն անցած ճանապարհը բարդ էր եւ կը շարունակէ բարդ մնալ: Իսկ մնացեալ սառեցուած հակամարտութիւնները, բոլորը գիտեն, որ հետեւանք են այն շինծու, արուեստական սահմաններուն, որոնք ստեղծուեցան Ստալինի կողմէ, քաղաքական հակակշիռի նպատակներով:
Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ եթէ սահմաններու փոփոխութիւնը «taboo» չըլլար, ապա այս հակամարտութիւններու մեծ մասը այսօր լուծուած կ՛ըլլային:
«Թաւշեայ» ամուսնալուծումը, որ 1993ին Չեխոսլովաքիան բաժնեց երկուքի, այնքան սիրալիր պայմաններու մէջ ընթացաւ, որ այսօր բոլորս մոռցած ենք այդ ամուսնալուծման մասին: Նորաստեղծ երկու հանրապետութիւններէն իւրաքանչիւրը քալեց իր ճամբով, եւ անոնք այսօր կը շարունակեն զարգանալ իբրեւ առանձին ազգ-պետութիւններ:
Հիմա, պարզունակ է եւ անտրամաբանական սպասելը, որ վիճարկելի խնդիր ունեցող քաղաքական բոլոր զոյգերը իրենք զիրենք պահեն այնպէս, ինչպէս պահեցին չեխերն ու սլովաքները: Սակայն միթէ՞ տրամաբանական է, որ դեռեւս այսօր անջատումի գաղափարին վերաբերինք նոյն հին վախով եւ Սառը պատերազմի տրամաբանութեամբ: Ակամայ-պարտադիր միութիւնը միթէ աւելի՞ լաւ է, քան անջատումը. եւ կամ արդեօ՞ք Արեւմուտքը պարտադիր պէտք է շարունակէ այն անտրամաբանական վարքագիծը, որուն համաձայն, Պոսնիայի անկախութիւնը բացառութիւն է եւ պէտք է ամէն գնով մերժել զայն նախադէպ համարելէ:
Հակաճառութիւնները կը լսեմ. այո, բոլոր սկեպտիկները պիտի աղաղակեն, որ Եւրոպան ուրիշ է, Եւրոպան բաւականաչափ հասուն է, որ կրնայ սահմանի փոփոխութիւն հանդուրժել կամ մարսել: Կ՛ըսուի, որ թերեւս գեղեցիկ օր մը, նոյնիսկ Միացեալ Թագաւորութիւնը կրնայ տարանջատուիլ իր բաղկացուցիչ մասերէն. սակայն այլ տեղերու մէջ սահմանի փոփոխութիւն հանդուրժելը համազօր է անվերջանալի պատերազմներ քաջալերելու:
Յոռետեսները առաջ կը քշէն Եթովպիոյ օրինակը՝ յիշեցնելով, որ անջատումէն հինգ տարի ետք քաղաքացիական պատերազմը վերսկսաւ:
Այո, ճիշդ է, սակայն խաղաղութիւնը, թէեւ փխրուն խաղաղութիւն, վերադարձաւ եւ կը շարունակէ մնալ աւելի քան 10 տարիէ ի վեր:
Ինչը՞ կը խանգարէ մեզ հասկնալու եւ ընդունելու որ նաեւ Եւրոպայէն դուրս սահմաններու փոփոխութեան նկատմամաբ նոր հանդուրժողութիւնը, նունիսկ թոյլատուութիւնը, կրնայ ի վերջոյ ունենալ կառուցողական հեռանկարներ:
Արդէօք ճիշդ այս մօտեցումը կրկնակի նշանակալից չէ՞ այն երկիրներու պարագային, ուր ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնը սուր բնոյթ կը կրէ, եւ ուր գաղութատիրական ժամանակշրջանէն մնացած շատ սահմանագիծեր, որոնք յաճախ հաւատարիմ պահուած են բռնութեան ճամբով, արդէն հնացած են, եւ ուր նոր սահմանագծում մը եւ կամ նոյնիսկ նոր պետութեան մը ստեղծումը կրնայ զսպիչ դեր խաղալ ու ուժի ճամբով հարցեր լուծելու նոր փորձերը կանխել:
Աւելին, եթէ սահմանագծային փոփոխութիւները դառնան հակամարտութիւններու լուծման ընդունելի ձեւ, թերեւս այլ երկիրներ հողատարածքներու կորուստը չհամարեն իրենց գոյութեան դէմ ուղղուած սպառնալիք: Օրինակ, թերեւս օր մը տեսնենք անկախ Քիւրտիստան, անկախ Արեւմտեան Հայաստան, խաղաղ Քաշմիր, ճանաչուած Արցախ:
Տարբեր պատճառներով երկիրներ, պետութիւններ, հողատարածքներ յարատեւ փոփոխութեան ենթակայ են: Օրինակի համար, կրօնական եւ էթնիկ բաղադրութիւնները կրնան փոխուիլ: Արուեստագիտական նորութիւնները, տնտեսական առաջխաղացներ իրենց հետ կը բերեն սուր զարգացում կամ սուր անկում: Վկայ՝ Հայաստանի հազարամեայ պատմութիւնը:
Միւս կողմէ, ազգային հաւատարմութիւնը այնպիսի մէկ ուժ է, որ երբեք պէտք չէ արհամարհել, նոյնիսկ համաշխարհայնացումի այս ժամանակահատուածին: Սակայն անապահովութեան մթնոլորտը կրնայ այդ ուժը հեշտօրէն դարձնել կործանարար ուժի: Սահմաններու փոփոխութեան կիրառումը կրնայ դառնալ հակամարտութիւններու լուծման յաւելեալ գործիք, նոր պատերազմներ կանխարգիլելու միջոց:
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ 29 պատգամաւորներու կողմէ ընդունուած հռչակագիրը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդավարական պետութեան կառուցում»ի մասին, կրնայ առաջին քայլը ըլլալ այս ուղղութեամբ: Հռչակագիրը նաեւ կ՛ըսէ. «Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը, ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու իր նպատակադրմամբ, այսօր կայացած պետութիւն է եւ արժանի է այլ պետութիւնների ճանաչմանը ու միջազգային հեղինակաւոր կառոյցների անդամակցութեանը»:
Հարաւային Սուտանի բնակիչներու դէմքերուն ժպիտը ինծի կը յիշեցնէ Արցախի մեր ժողովուրդին ուրախութիւնը, երբ հանրաքուէով կ՛որոշէր իր ճակատագիրը: Թերեւս շուտով աշխարհը կ՛ունենայ ոչ թէ մէկ, ալ երկու անկախ նոր պետութիւններ՝ այս ձեւով կրկնապատկելով մարդկութեան երջանկութեան քանակը: