
ՊԱՔՈՒ.- Շուէտի խորհրդարանի եւրոպական հարցերու յանձնախումբի նախագահ Քարլ Համիլթըն, ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման՝ օգտագործելով սեփական միջոցները, սակայն կարելի չէ միայն այդ կառոյցին վրայ յոյս դնել։
«Կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աջակցիլ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման՝ օգտագործելով իր կարելիութիւնները, որովհետեւ տուեալ հարցին մէջ եւրոպական երկիրները միացեալ դիրքորոշում ունին, որ եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան համար շատ արտասովոր է», ըսած է Համըլթըն ու աւելցուցած. «Այն իրողութիւնը, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել, չի նշանակեր, թէ այլ միջոցառումներ պէտք է կասեցուին եւ յոյս պէտք է դնել բացառապէս Եւրոպական Միութեան վրայ»։
Ըստ շուէտացի երեսփոխանին, տարածաշրջանի երկիրներէն ոչ մէկը պէտք է յուսայ, որ Եւրոպական Միութիւնը լիակատար ուժ ունի վերջ դնելու հակամարտութիւններուն, ներառեալ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան։