ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, Հինգշաբթի, Յունուար 27ին տեղի ունեցած է Քալիֆորնիա նահանգին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու հերթական հաւաքը, որուն հիւրընկալութիւնը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով ստանձնած էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ պարբերական հաւաքին մասնակցած են շուրջ վեց տասնեակ երկիրներու դիւանագէտներ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Աւանդոյթի համաձայն, ամէնամեայ հաւաքին ընթացքին, օտարերկրեայ հիւպատոսները ողջունած են Լոս Անճելըսի դիւանագիտական խմբակի նոր միացած անդամները:
Հանդիպման գլխաւոր բանախօսը եղած է քաղաքագէտ Տարիուս Ուտրիս, որ «Education for Democratic Citizenship» կառոյցի ղեկավարն է:
Հայկական մշակութային կոդրոնէն ներս հիւրընկալելով Լոս Անճելըսի դիւանագիտական համայնքի ներկայացուցիչները՝ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան յոյս յայտնած է, որ անկաշկանդ, ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ սկսած տարին բարեբեր կ՛ըլլայ թէ՛ երկիրներու ներկայացուցչութիւններուն համար եւ թէ իրարու հետ շփման ու համարձակ ծրագիրներ իրականացնելու տեսակէտէն:
Հաւաքին ներկայ եղած է նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.