
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը Յունուար 13ին այցելեց Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցի, ուր հաւաքուած էին եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան անդամները: Ծուխի հոգեւոր հովիւ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան տուաւ օրուան պատգամը:
Պատուիրակութեան մաս կազմող Տիկնանց միութեան կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Արաքսի Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Կլատիս Սարոյեանին՝ ջերմ հիւրասիրութեան համար, եւ ներկայացուց կեդրոնական խորհուրդի յառաջիկայ ձեռնարկները՝ Սրբուհիներու օր, տարեկան առանձնացում եւ տարեկան 59դ համագումար, որ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանէն ներս, Ապրիլ 28ին:
Փակման խօսքը կատարեց Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: