Տնօրինութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կրօնական ժողովին ու ազգային վարչութեան որոշումով ու համախորհուրդ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան նշանակուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Տէր հայրը, որ կը յաջորդէ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի, տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Արեւելեան թեմէն ներս, գլխաւորաբար իբրեւ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական շրջանի հոգեւոր հովիւ, իսկ վերջին տարիներուն հաստատուած է Արեւմտեան թեմ ու հոն կը շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութիւնները։ Վերջին քանի մը ամիսներուն, տէր հայրը արդէն հոգեւոր մատակարարութիւն կը տրամադրէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին։
«Յաջողութիւն կը մաղթենք նշանակեալ տէր հօր եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան դաշտերուն մէջ», նշուած է առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։