– Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկի քննիչներուն, երկրին ենթադրեալ հիւլէական կեդրոններ մուտքի յաւելեալ դիւրութիւններ պիտի չ՛ընծայէ, որովհետեւ այդ մէկը երկրին գերիշխանութեան բռնաբարման համազօր քայլ մըն է։ Հիմնարկը կը յայտնէ, թէ 2007ին իսրայէլեան օդուժին կողմէ Տէր Զօրի մէջ քանդուած սուրիական համալիրի վայրին մէջ իւրանիոմի հետքեր գտնուած են, եւ այդ պատճառով, կ՛ուզէ առանց նախապէս տեղեակ պահելու, այցեր կատարել։ Ասատ նշեց, որ քննիչներուն տրուելիք յաւելեալ լիազօրութիւններ «անպայման որ պիտի չարաշահուին»։ Ան նաեւ Թունուզի եւ Եգիպտոսի ցոյցերը արաբական աշխարհին մէջ «նոր ժամանակաշրջանի մը ազդանշանը» համարեց։
– Կլենտէյլի ոստիկանութեան տուեալներով, 2010ին, սպանութիւններու, բռնաբարութիւններու եւ այլ վայրագ յանցագործութիւններու թիւը նուազած է՝ 2009ին արձանագրուած 302 դէպքերուն դիմաց իջնելով 277ի, ինչ որ 8 տոկոսի անկում մըն է: Սակայն, գողութիւնները միայն մէկ տոկոսով նուազած են: Ոստիկանութեան համաձայն, յանցագործութիւններուն նուազումը նաեւ բնակիչներուն հետ համագործակցութեան արդիւնք է: Ապահովական տուեալներով, Կլենտէյլ Ամերիկայի բոլոր քաղաքներուն մէջ 12րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ 8րդը:
– Շուրջ 4000 կամաւորներու օգնութեամբ, Լոս Անճելըսի անօթեւաններու մարդահամարը տեղի ունեցաւ: Միացեալ Նահանգներու բնակարանային եւ քաղաքային զարգացման վարչութիւնը համայնքներէն ճշգրիտ տուեալներ կը պահանջէ անտուն բնակիչներու թիւին մասին, նախքան որեւէ օժանդակութիւն տրամադրելը: 2009ին կատարուած նման մարդահամարէ մը ի յայտ եկած էր, որ աւելի քան 48 հազար հոգի անապաստան կը մնան: Տարբեր ծրագիրներու միջոցով փորձ կը կատարուի նուազեցնել անապաստաններուն թիւը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.