ՎԻԳԷՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Այս խորհրդաժողովին քննարկման նիւթ ճշդուած է Արցախը, եւ մասնաւորաբար՝ Արցախի վերաբերեալ մերօրեայ իրադարձութիւնները:
Պարզ զուգադիպութիւն չէ, որ այս հաւաքը մաս կը կազմէ Հայ Դատի շաբթուան ձեռնարկներու շարքին։ Արդարեւ, եթէ տասնամեակներ շարունակ Հայ Դատը դասականօրէն կը սահմանուէր որպէս Թուրքիայէն մեր պահանջներու ամբողջութիւնը եւ անոնց ի խնդիր յառաջ տարուած գործունէութիւնը, ապա այսօր, մերօրեայ սահմանումով, Հայ Դատ յղացքը նոյնացած է ընդհանրապէս հայ ազգային պահանջատիրութեան հետ, ներառելով իր մէջ Արցախի վերաբերեալ մեր ազգային ակնկալութիւնները, իղձերը, եւ գործը՝ ի շարս այլ պահանջատիրական օրակարգային կէտերու։
Մեր գրականութեան եւ հայ քաղաքական հրապարակագրութեան մէջ Արցախը եւ Արցախի խնդիրը անուանուած են որպէս «հիմնախնդիր» կամ «գերխնդիր»։ Անշուշտ ասոնք քաղաքակագիտական բառամթերքի եզրեր, յղացքներ չեն, կամ ՝ գիտական արժեւորման արդիւնք սահմանումներ չեն։ Սակայն անոնք կը խօսին այն մասին, որ բացի Արցախի ներկայացուցած քաղաքական եւ ռազմավարական արժէքէն ու բացի Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համար անոր ներկայացուցած արժէքէն, Արցախը նաեւ անփոխարինելի հոգե-բարոյական արժէք է եւ մեր ազգային շահերու հետապնդման գծով իսկապէս որ հիմնական ազդակ է։
Այս իմաստով է, որ ես մեծապէս կը գնահատեմ այս խորհրդաժողովին կազմակերպումը թէ՛ իր բովանդակութեան եւ թէ՛ ալ իր տեսակին համար։ Բովանդակութիւնը՝ որովհետեւ քննարկման կը յանձնէ մեր ազգային քաղաքական օրակարգի ամէնէն անմիջական եւ այժմէական նիւթը. իսկ տեսակը՝ որովհետեւ մեր ազգային իրականութեան մէջ յաճախ չէ, որ առիթը կ՛ընծայուի տակաւին ընթացքի մէջ եղող, օրէ օր զարգացող քաղաքական բնոյթի խնդիրներու շուրջ խորքային քն-նարկում կատարելու։
Պէտք է սկսինք՝ հաստատելով, որ արցախեան իրականութեան վերաբերող կարեւորագոյն օրակարգն է անոր իրավիճակի, քաղաքական եւ, մանաւանդ, իրաւական կարգավիճակին շուրջ գոյութիւն ունեցող բանակցային գործընթացը, որ շատ մը իմաստներով եւ լայն հասկացողութեամբ՝ այսօր տեղքայլի մէջ է։
Ըստ մեզի, բանակցութեանց հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակի ճանաչումը որպէս անկախ պետութիւն։ Թէեւ պարզ է, որ ԼՂ Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար երբեք ալ պայման չէ Ատրպէյճանի կողմէ տրուելիք ճանաչումը։ Սակայն, միայն այդ տարբերակն է անշուշտ, որ կրնայ մնայուն խաղաղութեան համար որոշիչ երաշխիքներ ստեղծել։
Հետաքրքրական եղելութիւն էր Յուլիս 2010ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ Քոսովոյի անկախութեան միակողմանի հռ-չակման մասին արձակած խորհրդատուական կարծիքը, ուր յստակ ձեւով կը բացատրուին միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն երկուքը՝ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը (զոր հիմք կը ծառայեցնէ Ատրպէյճանը իր դիրքորոշումներուն համար), եւ ժողովուրդներու իրաւա-հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը։
Դատարանը կը բացատրէ, որ այս երկու սկզբունքները տարբեր հարթութիւններու վրայ գործող սկզ-բունքներ են։ Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը վերաբերի երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու, եւ կ՛ըսէ, թէ որեւէ պետութիւն իրաւունքը չունի այլ պետութեան մը սահմանները Խախտելու, յատկապէս՝ բռնի ուժով։ Իսկ միւս՝ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը կ՛ըսէ, թէ ճնշուած, բռնի ուժով ենթակայութեան տակ գտնուող ժողովուրդները ինքնորոշուելու իրաւունք ունին, եւ այդ իրաւունքը չի սահմանափակուիր առկայ, գոյութիւն ունեցող սահմաններով։
Պարզ է ուրեմն, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան կը շարունակէ պնդել, որ հակամարտութիւնը ներկայացուի որպէս Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութիւն, եւ ինչո՛ւ կը պնդէ, որ Հայաստանը ներկայանայ բանակցող կողմ, քանզի հոն կրնայ ուժի մէջ մտնել միջպետական յարաբերութիւններու հանգամանքը եւ արժէք ստանալ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը։ Սակայն նաեւ պարզ է, թէ իսկական հակամարտութիւնը Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութիւն է, եւ ուր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդամէնը պաշտպանած է եւ կը շարունակէ պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնն ու անվտանգութիւնը եւ կը ներկայացնէ այս վերջինս բանակցութեանց ընթացքին, մանաւանդ որ ԼՂ Հանրապետութեան իրաւունք չի տրուիր ինքզինք ներկայացնելու բանակցութիւններուն կամ միջազգային կազմակերպութեանց մէջ։
Այս իմաստով է, որ կրկնակի կարեւորութիւն կը ստանայ ԼՂ Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն վերադարձը բանակցութեան սեղան. նախ՝ որպէս ինքզինք ներկայացնելու բարոյական իրաւունք, եւ ապա՝ որպէս իրաւական սկզ-բունքի հիմք։
Քաղաքական աշխարհի մէջ, մանաւանդ՝ քաղաքագիտական վերլուծական մօտեցումներու մէջ, կարեւոր տեղ վերապահուած է «Ժամանակ»ի ազդակին, թայմինկի հասկացողութեան։ Շատ մը պարագաներու, իրադարձութեան մը պահն է, որ որոշիչ չափով անոր ընթացքը եւ անոր հետեւանքը կը թելադրէ։
Օրինակ, եթէ արցախեան ազատագրական շարժումը՝ որպէս գաղափարական կամ տեսական հասկացողութիւն միշտ ալ առկայ էր նոյնիսկ Խորհրդային տարիներուն, երբ նուազագոյն գործնական քայլն իսկ կամ գործնական պայքարի նուազագոյն դրսեւորումն իսկ դատապարտուած էր անխնայ պատիժներու, 1980ական թուականներու վերջաւորութեան տարածաշրջանի պայմաններն էին, որ ստեղծեցին ճիշդ պահը, ճիշդ թայմինկը՝ արդէն գոյութիւն ունեցող տեսականը գործնականի վերածելու։
Նոյն թայմինկի տրամաբանութիւնը գոյութիւն ունի նաեւ Արցախի իրավիճակի եւ ապագայի շուրջ ընթացող բանակցային գործընթացին կապակցութեամբ։ Եւ հոն՝ գոյութիւն ունին երկու իրար հակադրուող կամ առնուազն մեծաւ մասամբ իրերամերժ տրամաբանութիւններ։ Առաջինը կը տրամաբանէ, թէ այնքան ատեն որ ներկայ իրավիճակը ընդունելի կամ նախընտրելի կացութիւն է հայկական կողմին համար, ապա ուրեմն այդ իրավիճակի որեւէ երկարաձգում նպաստաւոր է անոր ամրակայման եւ նուիրականացման համար։
Վերջապէս, ստեղծուած իրականութիւն մը որքան երկար ժամանակ մնայ անփոփոխ, որքան երկար ժամանակ կը շարունակէ մնալ գետնի իրականութիւն, այնքանով կը ստեղծէ հիմքեր՝ վերածուելու վերջնական բանաձեւի։
Այս տրամաբանութիւնը, սակայն, կ՛ենթադրէ, որ թշնամին պիտի միշտ մնայ լճացած, կացութիւնը պիտի մնայ կայուն, ինչ որ պարագան չէ այստեղ, Արցախի հարցով եւ Ատրպէյճանի պարագային։
Միւս՝ երկրորդ տրամաբանութիւնը կ՛առաջադրէ այն համոզումը, որ ժամանակը կը գործէ ի վնաս հայկական կողմին։ Եւ եթէ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ խաղաղութեան մնայուն հիմքեր չստեղծուին եւ Արցախի անվտանգութիւնը շուտով չամրագրուի համաձայնագրով մը եւ միջազգային հովանաւորութեամբ, ապա ուրեմն օրէ օր տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն հզօրացող Ատրպէյճանը շատ խոստմնալից ապագայ չի թելադրեր չափաւորական եւ ընդունելի լուծումներու հաշւոյն։
Ճիշդը, հաւանաբար, այս երկու այլապէս իրերամերժ մօտեցումներու մէկ համադրուած տարբերակն է։
Այն, թէ անկասկած որ հայկական կողմին համար ամէն իմաստով նախընտրելի է բանակցութեանց ճամբով խաղաղութեան մնայուն հիմքեր ստեղծել եւ Արցախի տարածքային սթաթիւսքուոն (ներկայ վիճակը-Խմբ.) տէ ժիւրէի (իրաւական ճանաչումի-Խմբ.) վերածել. պայմանաւ որ սակայն՝ լուծման հետապնդումը չառաջնորդէ այնպիսի աճապարանքի, որ ան ըլլայ հիմնական եւ անընդունելի զիջումներու հաշւոյն։
Սակայն, մինչ Ատրպէյճանը կը ձգձգէ բանակցային գործընթացը եւ իրավիճակը կը յամենայ, պէտք չէ բաւարարուիլ այն տրամաբանութեամբ, որ ներկայ իրավիճակին պահպանումը հիմք կը ստեղծէ անոր նուիրականացման։ Այլ, ներգործօն ծրագրումով եւ գործունէութեամբ, ընկերա-տնտեսական եւ ենթակառուցային այնպիսի յառաջդիմութիւն արձանագրել, որպէսզի իսկապէս ստեղծուին աճի եւ հզօրութեան հիմքեր։ Վերջապէս, 140.000 բնակչութիւն հաշուող Արցախը տարբեր լեզուով կը բանակցի, քան՝ 200.000 հաշուողը, իսկ 250.000 հաշուող Արցախը՝ դեռ այլ լեզուով։
Պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլանք այն հանգամանքին, որ ամրապնդելով հանդերձ հայկական դիրքերն ու թիկունքը գետնի վրայ, նահանջ չարձանագրուի միջազգային ատեաններու եւ միջազգային հանրային կարծիքի մօտ, ուր օրէ օր կ՛աշխուժանայ եւ կը զարգանայ ատրպէյճանական լոպիստական կարողականութիւնը։ Հոս, այս իմաստով, շատ մեծ դեր վերապահուած է հայկական սփիւռքին ընդհանրապէս եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն մասնաւորապէս։
Ատրպէյճանական կողմը այսօր նոր շունչ եւ ինքնավստահութիւն ստացած է, յատկապէս՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններու որպէս հետեւանք։ Ան խանդավառ է այն իրողութեամբ, որ իր արմատականութեամբ, իր ճիգերով, եւ այո, Թուրքիոյ մէջ իր լոպիստական ջանքերուն շնորհիւ յաջողեցաւ թրքական դիրքորոշման մէջ հիմնական նախապայմանի վերածել արցախեան բանակցութիւններու մէջ որոշ սկզբունքներ։ Բան մը, որ մենք նախատեսեցինք արձանագրութիւններու յայտարարութեան դեռ սկիզբի օրերուն։
Տեղեակ էք, որ վերջին ամիսներուն Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչման առաջարկը։ Հակառակ անոր որ Դաշնակցութեան ֆրակցիան կողմ էր առաջարկութեան, այսուհանդերձ, ժողովին մեծամասնութիւնը ներկայացնող ուժերը տապալեցին քուէարկութիւնը։ Անընդունելի արարք մը, բայց կ՛ենթադրեմ՝ նախընտրելի, եթէ միւս տարբերակը պիտի ըլլար ճանաչման մերժումը ընդհանրապէս։
Անշուշտ արդարութեան սիրոյն պէտք է նշել, որ հակառակ անոր որ Հայաստան իրաւականօրէն չէ ճանչցած ԼՂ Հանրապետութիւնը, այսուհանդերձ, ստորագրած է կարգ մը միջպետական պայմանագիրներ, որոնց շարքին են, օրինակ, Արցախին վարկ փոխանցող պայմանագիրները։
Մեր համոզումով, նոյնիսկ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները, զանազան նկատառումներով, նպատակայարմար կը նկատեն յետաձգել Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, անոնք պարտին առնուազն առնել քայլեր, որոնք պիտի նպաստեն ապագայի Ճանաչման քայլին, ու աւելի կարեւորը, պիտի նպաստեն այլ պետութեանց կողմէ ԼՂ Հանրապետութեան ճանաչման։ Նման քայլեր են, օրինակ, Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան կարգավիճակի բարձրացումը ամբողջական դիւանագիտական աստիճանի, եւ ճիգը՝ այլ երկիրներու մէջ գտնուող Արցախի ներկայացուցչութիւններու կարգավիճակը եւս բարձրացնելու։ Նման նախընթացներ գոյութիւն ունին միջազգային դիւանագիտութեան մէջ. ամէնէն վառ օրինակը եւրոպական կարգ մը երկիրներու կողմէ Պաղեստինի անկախութիւնը չճանչնալով մէկտեղ, պաղեստինեան ներկայացուցչութեանց յատուկ կարգավիճակ շնորհելն է։
Ըստ մեզի, ԼՂ Հանրապետութեան ճանաչումը, հանգրուանային քայլ մըն է մինչեւ անոր Հայաստանին միացումը։ Չմոռնանք, որ արցախեան շարժումը սկսաւ նոյնինքն միացումի նպատակով, եւ 1989ի Դեկտեմբերին՝ միացման մասին որոշում է որ կայացուցին ԼՂԻՄի եւ Խորհրդային Հայաստանի օրէնսդիր մարմինները։
Միայն 1991ի Սեպտեմբեր 2ին էր, որ ԼՂ Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ՝ գլխաւորաբար որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին նպաստող մարտավարական քայլ, մանաւանդ որ երկու օր առաջ Օգոստոս 30ին Ատրպէյճանը հռչակած էր իր հանրապետութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանին. ո՛չ 1918-1920 հանրապետութեան օրօք եւ ոչ ալ ինքզինք առաջինի իրաւաժառանգորդ հռչակած ներկայ հանրապետութեան օրօք։ Այլ խօսքով, միայն Խորհրդային Ատրպէյճանն է, որ Արցախը ունեցած է իր սահամններէն ներս եւ ուրեմն, Ատրպէյճանը ոչ մէկ հիմք ունի նկրտումներ ունենալու հողատարածքի մը ուղղութեամբ, երբ այդ հողատարածքին վրայ իր բռնի իշխանութիւնը հաստատուած է օրէնքով մը, որ ինք Ատրպէյճանն իսկ մերժած է, եւ մերժած է նաեւ այդ օրէնքի հեղինակները՝ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալով։
Կ՛ըմբռնենք, որ բանակցութիւններ առհասարակ կրնան եւ նշանակել՝ զիջումներ։ Սակայն, ըստ Դաշնակցութեան, զիջումները պէտք է որ ըլլան փոխադարձ, համարժէք, միաժամանակեայ եւ մաս՝ ամբողջական լուծումի փաթեթի մը։
Կարելի չէ, օրինակ, հայկական կողմէն ակնկալել, որ կատարէ անմիջական զիջումներ, մինչ Ատրպէյճանական զիջումները կը մնան ապագային։ Կարելի չէ ակնկալել, որ հայկական զիջումները ըլլան շօշափելի, մինչ ատրպէյճանական զիջումները կը մնան տեսական կամ վերացական։
Եւ վերջապէս, մեզի համար պարզ է, որ Արցախը որպէս մաս հայկական ազգային ժառանգութեան, որպէս պապենական հող եւ հայ հոգեմտաւոր աշխարհի կարեւորագոյն խորհրդանշաններէն մէկը, կը մնայ նաեւ մեր ազգային ազատագրական պայքարի եւ արշաւի կիզակէտն ու անսակարկելի մէկ մասը։ Ա՛յս պէտք է ըլլայ սկզբունքը եւ բանակցութեանց գծով հայկական կողմին կիրարկած մեթոտին տրամաբանութիւնը։
22 Յունուար 2011
ԾԱՆՕԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի «Արցախեան հարցի վերջին զարգացումները» նիւթով խորհրդաժողովին արտասանուած զեկոյց: