ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Միացեալ Նահանգներու ատրպէյճանցիները եւ թուրքերը, այս ամիս անգամ մը եւս դիմած են ապատեղեկատուական իրենց հերթական արշաւին՝ Խոջալուի 1992ի դէպքերուն կապակցութեամբ, նամակներ յղելով նախագահ Պարաք Օպամայի, փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ պահանջելով պատժել «պատերազմական ոճիրներու» պատասխանատուները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.