ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Հայկական իրականութեան մէջ քաղաքական կուսակցութիւններուն հիմնական խնդիրներէն մէկը այն է, որ անոնք չեն հասկնար խօսքի՝ շարադրանքի իմաստը: Յստակ ըլլալու համար ըսեմ, որ շարադրանք բառը այստեղ պիտի օգտագործեմ անգլերէն «narrative» հասկացողութեան փոխարէն:
Մարդիկ հակուած են շարադրանքը շփոթելու հաղորդակցութիւն դրոյթին հետ: Շարադրանքը, «պատմութիւնը», անհրաժեշտ չարիք է, որուն միջոցով մարդ հարկադրուած է հաղորդուելու զանգուածին հետ, անոր փոխանցելու համար հասարակական կեանքի ղեկավարման կամ վերանորոգման առնչուող կուսակցութեան մը առաջադրած լուծումները:
Անոնք լրիւ կ՛անտեսեն այն հանգամանքը, որ քաղաքական կուսակցութեան մը գաղափարախօսութիւնը ինքնին «շարադրանք» է, պատմութիւն՝ որ կը գծագրէ հասարակութեան ապագան, որ միաժամանակ կը պատկերէ հասարակութեան ոչ միայն ինչ ըլլալն այլեւ՝ ինչ չըլլալը:
Շարադրանքը սակայն թուղթի կտոր մը չէ, սոսկ յայտարարութիւն մը չէ, որ դրան վրայ կախելով՝ կը պրծիս, ակնկալելով, որ մարդիկ կու գան եւ կը կարդան, կը լսեն կուսակցութեան պատգամը:
Քաղաքականութիւններ եւ հասարակութիւններ կը կազմուին եւ կը ձեւաւորուին ազգի կարիքներու հիման վրայ հիւսուած «շարադրանքներով»:
Քաղաքականութիւնը շատ նման է թատրոնի: Թատրոն՝ ոչ իր ժխտական իմաստով, այսինքն՝ մակերեսային, խաղարկային, շինծու, այլեւ այդ բառի ամէնէն դրական ու լաւ իմաստով. թատրոն, որ կեանքը ներկայացնելու մեթոտ է, որ կը յստակացնէ հասրակութեան մէջ ուժերու յարաբերակցութիւնը, կը բիւրեղացնէ մարդու սեփական եւ հաւաքական տեսլականները, կ՛ուրուագծէ նոր հեռանկարներ, կը յիշեցնէ, թէ ո՛րն է էականը. մէկ խօսքով, կը վերծանէ այն ամէն ինչը, որ կը բարձրացնէ կեանքի որակը ու նոր իմաստ կու տայ կեանքին:
Այն, ինչ հայկական կեանքին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններուն կը պակսի, ներառեալ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, արժէքներն են, ա՛յն արժէքները, որոնց հիման վրայ կ՛ուզենք կերտել մեր հաւաքական կեանքը: Ո՞ւր են ուղենիշները, ո՞ւր են ուղենիշներու մասին պատմողները. մէկ խօսքով՝ ո՞ւր են մեր քաղաքական թատերագիրներն ու բեմադրիչները: Սակայն կրկին կ՛ընդգծեմ՝ ո՛չ թէ քաղաքական յարդարանքով զբաղելու համար: Ո՛չ, թատերագիրն ու բեմադրիչը յարդարանքով չեն զբաղիր, այլ ունին քաղաքականութիւնը թխելու, շաղելու եւ շեփորահարելու ծանրակշիռ պարտականութիւնը:
ՀՅԴի պատասխանատու մարմինները եւ դէմքերը, կը թուի, թէ լրջօրէն կը հաւատան, որ ընտրողները, Հայաստանի քաղաքացիները, կը կողմնորոշուին՝ հետեւելով խորհրդարանին մէջ կուսացութեան կատարած օրէնսդրական առաջարկութիւններուն, եւ կամ կուսակցական այս կամ այն գործիչին՝ պետական պիւտճէի մասին քննադատական ելոյթներուն: Այսպիսի առաջադրանքները նոյնքան անհետաքրքրական են քաղաքացիին համար, որքան հանդիսատեսին համար թատերական փիեսի առաջին ուրուագիծերը կամ բեմի նախագիծերը. բոլորս ալ գիտենք, որ բեմի համար օգտագործուած փայտերը կամ զգեստներու համար օգտագործուած հիւսուածեղէնի ընտրութեան մանրամասնութիւնները հետաքրքրական չեն հանդիսատեսին համար:
Երբ այս բոլոր մանրամասնութիւնները կը միատեղուին ու կը վերածուին իմաստալից շարադրանքի, միայն այն ատեն հանդիսատեսը կ՛իւրացնէ շարադրանքը, միայն այն ատեն շարադրանքը կը յուզէ զինք, կը դպչի իր ամենախոր զգացումներուն եւ բնազդին:
Իսկ կարելի՞ է այս գործը վստահիլ PR-գրասենեակներու: Ես կը հաւատամ, որ այդպիսի հիմնարկներ չեն կրնար ստանձնել շարադրանքի պատրաստութեան խիստ կարեւոր գործը. աւելին, մենք երբե՛ք անոնց պիտի չվստահինք մեր ապագան: PR-գրասենեակները շարադրանքի վարպետներ չեն, անոնք միայն վաճառքի մասնագէտներ են: Շարադրանքը այլ բան է, առեւտուրի հետ կապ չունի: Շարադրանքը մեր երազներն է, մեր հաւաքական իղձի արտայայտութիւնն է, մեր առաջնահերթ ցանկութիւնները, որոնք տեսանելի եւ շօշափելի կը դարձնեն գաղափարական մեր զօրասիւները, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զանոնք վաճառել կամ նոյնիսկ՝ վաճառելի՞ են, թէ ոչ:
Քաղաքականութեան շունչ եւ մարմին տալ. ահա՛ շարադրանքի ամէնէն հիմնական դերակատարութիւնը: Պատմել եւ նկարել: Նկարագրել ՀՅԴի մասին՝ իբրեւ անհատի ազատութիւններու պաշտպան ու պահապան. պատմել, թէ ինչո՛ւ կուսկացութեան կարիքը կայ, եւ մանաւանդ ցոյց տալ, թէ առկայ իրավիճակը ինչպէ՛ս է այսօր եւ ի՛նչ կրնայ ըլլալ մեր «վաղը»:
Ղեկավարներն ու կուսակցութիւնը չեն կրնար իրենք զիրենք հեռու պահել եւ դուրս մնալ ժամանակի մշակութային եւ մտաւորական շարժումներէն:
Ուրեմն, կարելի է հանգստօրէն անտեսել մեծածախս PR-գրասենեակները, եւ փոխարէնը դիմել ժողովուրդին՝ ուսուցիչին, տնային տնտեսավարժուհիներուն ու մայրերուն, դիմել մտաւորականներուն, իւրացնել մեր հասարկութեան տենչերը եւ առաջնորդել, դառնալ ջահակիր:
Սակայն մեր քաղաքական այրերը, կարծես թէ հակուած են հաւատալու, որ կրնան իրենք զիրենք կտրել հասարակութենէն, մարդոցմէ: Փոխանակ զրոյցի մասնակցելու, կը մասնակցին ժողովի: Զրոյցի պահուն հանդուրժողութեան տանիքը բարձր է, ազատ է, մինչդեռ ժողովները ունին կարծր կառոյց, չափորոշուած թեքնիք: Քաղաքական այրերը պարտին ունենալ մարդը հասկնալու ձիրք:
Այսօր ՀՅԴ կուսակցութիւնը հրաշալի գործ կը տանի Ազգային ժողովէն ներս. այնտեղ պէտք է աշխատիլ իրաւական նախագիծերու վրայ, յամենալ երկիրի տնտեսութեան վերաբերող անվերջանալի թուանշաններուն վրայ, կշռադատել, խորհրդակցիլ: Ինչ խօսք, այս բոլորը ոչ-ներշնչող կամ անհրապոյր գործեր են, զորս պէտք է ընել: Անկասկած, պարտաւոր ենք շնորհակալ ըլլալ այդ անշնորհակալ աշխատանքին համար: Սակայն հասարակութեան մեծամասնութեան համար այդ բոլորը «անտեսանելի» գործեր են: Առանց շարադրանքի, քաղաքականութիւնը կը վերածուի դիւանակալութեան, «պիւրոքրասի»ի: Կասկած չունիմ, որ այս գործերուն նուիրուած հայ մարդը, իսկապէս կը հաւատայ ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան գաղափարներուն, եւ որ ներկայացուած հակա-պիւտճէն եւ առաջադրուած օրէնսդրական նախագիծերը հետամուտ են արդար հասարակութեան ստեղծման:
Սակայն այս մարդիկ չեն գիտեր, թէ այդ բոլորը ինչպէ՛ս պէտք է հրամցնել, պատմել, շարադրել: Չի բաւեր միայն բառեր, գոյականներ. արդարութիւն եւ համերաշխութիւն բառերը սոսկալի ձայն եւ հնչիւն են, եթէ չկարենանք պատկերել ի՛նչ է արդարութիւնն ու համերաշխութիւնը մեզի համար, եւ այս պէտք է ընել ամէն օր, ամէն ամիս, ամէն տարի, կրկին ու կրկին:
Կեանքը մասամբ անուրջներու, պատրանքներու կերտում է: Այդ անուրջները կ՛ապրին, որովհետեւ մենք՝ մարդ արարածներս, կը հաւատանք այդ երազին: «Ամերիկեան երազը», օրինակի համար, անխորտակելի երազ է, որ ամէն օր, ամէն ժամ կը ձեւաւորէ մարդկանց մտայնութիւնը, ինքնութիւնն ու հետեւաբար՝ ԱՄՆի հաւաքական ինքնութիւնը:
Նոյն ձեւով, Սկանտինաւեան երկիրներու 1940ական թուականներու folkhem-ի գաղափարը հզօր շարադրանք էր, պատրանքի ձեւակերպում՝ ուր բառերը կ՛օգնէին քաղաքացիին հասարակութիւնը պատկերել որոշ ձեւով, ապագան տեսնել, շարժիլ ու աշխատիլ՝ այդ պատրանքէն ներշնչուելով:
Այսօր հայութիւնը, հայրենիքէն ներս թէ արտերկիր, կարիք ունի նոր շարադրանքի, նոր շարադրանքներու: Շուտով ընտրութիւններ են Հայաստանի մէջ, նախագահական թեկնածուներու, խոր-հրդարանի թեկնածուներու անուններու փնտռտուքը արդէն ընթացքի մէջ է: Այնտեղ տիրող ընկերային եւ տնտեսական պայմանները խիստ մտահոգիչ են: Այս մթնոլորտին մէջ ՀՅԴ եւս իր ներուժին մէկ մասը պիտի վատնէ ընտրարշաւի ընթացքին: Էական է այս պահուն այն, որ ՀՅԴի ղեկավարութիւնը եւ շարքերը լսեն հայ քաղաքացիին ձայնը, ընտրողներուն մտահոգութիւններն ու առաջնահերթ խնդիրները, եւ այդպիսով կատարեն ժողովուրդի կարիքներուն յստակացումը. այս կարեւոր գործը, սակայն, լրիւ անբաւարար է:
Մեր «Existential» շարադրանքը պէտք է փնտռել այլուր: Հազիւ թէ թատերախաղ մը յաջող կ՛ըլլայ, եթէ անոր բեմադրիչը ակնկալէ, որ հանդիսատեսը ի՛նք պիտի որոշէ թատերգութիւնը ընտրելու, գրելու եւ բեմադրելու մանրամասնութիւնները:
Հանդիսատեսը թատրոն կ՛երթայ այն յոյսով, որ թատրոնով զբաղող մարդիկ արդէն իսկ պատասխան ունին այդ բոլոր հարցերուն: Հանդիսատեսը թատրոն երբե՛ք չէ եկած՝ բեմի կառուցապատումին օգտագործուած գամերը քննելու:
Հանդիսատեսը թատրոն կու գայ, որպէսզի այնտեղ տեսնէ, գտնէ համակարգուած խաղարկութիւն մը, որ իրեն պիտի ընծայէ լուսաւորուելու, նոր միտքեր որսալու, նոր միտքերով վարակուելու եւ նոր աշխարհայեացք գտնելու հնարաւորութիւնը: Միայն այն ատեն կ՛ունենանք ընկերային՝ սոցիալական արդարութեամբ, համերաշխութեամբ եւ իր իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հետաքրքրուած քաղաքացիներ:
Հեղինակին հետ
կապուելու համար՝
Suzanne.khardalain@comhem.se
Այս յօդուածը, իր համարձակ բովանդակութեամբ նորութիւն է :