Ըստ փրոֆեսէօր տոքթ. Սելիմ Դերինգիլի՝ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ քրտախօս հայեր կան…
Պողազիչի համալսարանի Պատմութեան բաժինի փրոֆեսոր Սելիմ Դերինգիլը հարցազրոյց մը տուաւ «Թարաֆ» օրաթերթի լրագրող Նեշէ Դիւզելին:
Պատմաբան Դերինգիլը նշելով, թէ 1895թ. Ապտուլ Համիտ Երկրորդի ժամանակաշրջանին հայերու դէմ կոտորածներ կատարուած են, հետեւեալ տեղեկութիւնները եւս հաղորդեց վերոնշեալ տարեթիւէն մինչեւ օրս տեղի ունեցած դէպքերուն մասին.
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Ապտուլ Համիտի ժամանակ կոտորածներ եղած են, բայց անոնք իթթիհատականներու ժամանակուայ պէս նախապէս ծրագրաւորուած, նախապատրաստուած չեն եղած, իսկ 1915թ. հայերուն լիովին ոչնչացնելու ձգտում կար: Ապտուլ Համիտի օրոք կրօնաւորի հանդերձանքով եւ որպէս «հոգեւորական» շրջող բազմաթիւ մոլլաներ կ՛ուղարկուէին՝ որպէս «սադրիչներ»: Արդէն իսկ ջարդերու մեծ մասը կը կատարուէր Ուրբաթ օրերը: Ուրբաթօրեայ նամազին մարդոց կրօնական զգացմունքները կը բորբոքէին, իսկ մեր գիրքերուն մէջ կ՛ըսուի, թէ «Հայերը գրոհել են, երբ մուսուլմանները Ուրբաթօրեայ նամազ կ՛ընէին»: Այնպիսի վայրի մը մէջ, ինչպիսին է Տիարպեքիրը, հայերը փոքրամասնութիւն են: Մի՞թէ հնարաւոր է, որ հայ բնակչութիւնը յարձակի, երբ մահմետականները ուրբաթօրեայ նամազը կ՛ընեն:
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Լա՛ւ, իսկ կա՞ն հայեր, որոնք մուսուլման դարձան՝ կոտորածէն փրկուելու համար:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Իհարկէ կան: Օրինակ՝ Ուրֆայի կոտորածներուն ժամանակ որոշ տուներու տանիքներուն սպիտակ դրօշ կը բարձրացնէին, եւ մարդիկ կ՛ըսէին, թէ «կ՛ուզենք մահմետական դառնալ»: Անոնք չէին սպաննուեր, բայց կան իհարկէ այնպիսիք, որոնք թէեւ ցանկացին մուսուլման ըլլալ, սակայն սպաննուեցան…
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Այդ ընթացքին ինչպիսի՞ պաշտօնական քաղաքականութիւն կը վարէր պետութիւնը:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Մահմետականացումը այդպէս հեշտ ու հանգիստ չէր կատարուեր: Անհրաժեշտ էր, որ պետութիւնը ընդունի իսլամացածին: Պետութիւնը կ՛ընդունի միայն զանգուածային մահմետականացումը՝ այն մտավախութեամբ, թէ «անոնք քրտերու հանդէպ վախէն հիմա մուսուլման կը դառնան: Վաղը-միւս օր կը դիմեն օտար պետութիւններու ներկայացուցչութիւններու եւ կը բողոքեն»:
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Չէ՞ որ մուսուլմանացումը քրիստոնէութեան պէս միայն հաստատման վրայ հիմնուած գործընթաց չէ: Վկայութեան բանաձեւը կ՛ըսէք ու մահմետական կը դառնաք: Ինչպէ՞ս կապ կը հաստատուի անձի եւ Ալլահի միջեւ:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Այո, այդպէս եղած է Թանզիմաթի ժամանակաշրջանէն ի վեր: Պետութիւնը մուսուլման չեղողին համար պիւրոկրատական մեծ խնդիրներ կը յարուցէ: Մահմետական կը դառնան՝ քատիի (դատաւորի-Խմբ.) ներկայութեամբ վկայութեան բանաձեւը արտաբերելով: Անգամ Թանզիմաթէն յետոյ թաղամասային խորհուրդներ կը հիմնուին: Անհրաժեշտ կը դառնայ, որ այնտեղ ընդունուի մուսուլմանացումը: Հակառակ պարագային մահմետականացումը չընդունուիր: Զանգուածային մուսուլմանացման մերժումը երբեք ալ համապատասխան չէ եղած մահմետականութեան: Մուսուլման դառնալու փափաք յայտնող անձին մերժումը մեծ մեղք կը համարուի: Մէկ խօսքով՝ ցանկութիւն եղած է նուազեցնել հայ բնակչութեան թիւը:
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Շա՞տ են հայ կիներու հետ ամուսնացած մուսուլմանները:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Ատիկա բաւական տարածուած երեւոյթ է: Պատուազուրկ ըլլալէ ետք աղջիկը ցանկութեան պարագային անգամ չի կրնար վերադառնալ իր ընտանիքին: Երեխաներ կ՛ունենայ… Մէկ ալ, քիւրտերը կը նախընտրեն հայ աղջիկները՝ գլխագին չտալու համար: Իրականութեան մէջ հայերն ու քիւրտերը շատ միախառնուած ժողովուրդներ են: Արդէն իսկ կան քրտախօս հայեր: Օրինակ՝ Հրանդ Տինքի տիկինը՝ Ռաքել Տինքը: Նման հայկական աշիրեթներ կան, կը խօսին քրտերէն, բայց քրիստոնեայ են: Քիւրտերն ու հայերը այնքան իրար խառնուած են որ… Մենք…
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Այո՛…
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Մենք ներկայիս ազգ պետութեան պայմաններուն մէջ անպատճառ կ՛ուզենք, որ մարդիկ միայն մէկ բան ըլլան: Մարդիկ մէկէ աւելի բան չեն կրնար ըլլալ՝ ազգ պետութեան պահանջներով, այնինչ՝ այս հողերուն մէջ մարդիկ մէկէն աւելի բան են: Մարդիկ շատ հանգիստ կերպով մէկէ աւելի ինքնութիւն կրնար ունենալ այստեղ: Արեւելքի մէջ քիւրտ-հայ խառնուրդը չափէն դուրս շատ է, այսինքն՝ քրտահայերը չափազանց շատ են:
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Ինչո՞վ զբաղուած են մեր պատմաբանները, որ չեն ուսումնասիրեր մեր նորագոյն պատմութեան այդքան կարեւոր իրադարձութիւնը:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Պատմաբաննե՞րը: Պատմաբանները պետութեան պաշտօնական թեզերը ապացուցելով կը զբաղուին միայն: Կը ձգտին ապացուցել, թէ որքան անհիմն են հայկական պնդումները: Պատերազմէն ետք կը պարզուի, թէ որքան լուրջ են 1915ին Անաթոլիոյ մէջ հայ աղջիկներու առեւանգման, երեխաներու որդեգրման պատմութիւնները:
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Յայտնի՞ է արդեօք որդեգրուած հայ երեխաներու թիւը:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- 1915 թ. «որդեգրուած» հայ աղջիկ ու տղայ երեխաներուն համար 300 հազար թիւը կը սահմանեն, բայց պէտք է այդ թիւը ուսումնասիրուի… Տինքի սպանուելէն քիչ առաջ էր. մենք Հրանդի հետ խօսեցանք այդ հարցին շուրջ: Համատեղ նախագիծ պիտի իրականացնէինք՝ «Որդեգրման» նիւթին վերաբերեալ: Որդեգիրներուն մէջ կան նաեւ որպէս ծառայ կամ աղախին վերցուած երեխաներ:
Թուրքիոյ մէջ սոյն խնդրին շուրջ որպէս տուեալներ միայն յուշեր կան մեր ձեռքին տակ: Այն պահոցները, որ իբրեւ աղբիւր կրնային ծառայել, կը գտնուին Երուսաղէմ, ուր ոչ բոլորը մուտք գործելու հնարաւորութիւն ունին: 1915ին կը որդեգրուին ենթադրաբար 7-16 տարեկան հայ երեխաներ, որոնց մեծ մասը աղջիկ էր: Առաւելապէս նախապատուութիւն կը տրուի փոքր տարիքի մանուկներուն, քանի որ անոնց ինքնագիտակցութիւնը դեռ եւս լրիւ ձեւաւորուած չէ, եւ կարող են հեշտ մուսուլմանացուիլ:
ՆԵՇԷ ԴԻՒԶԵԼ.- Այդ կանայք մահմետականացա՞ծ են:
ՍԵԼԻՄ ԴԵՐԻՆԳԻԼ.- Կան այնպիսիք, որոնք գաղտնի կը շարունակեն քրիստոնէութիւն դաւանիլ: Անոնց շարքերուն կան նաեւ թունդ մուսուլման դարձածներ, որոնք բոլորովին չեն խօսիր իրենց հայութեան մասին: Ոմանք միայն տան մէջ կ՛ըսեն իրենց հայ ըլլալու մասին: Թունդ մուսուլման ըլլալը տեսակ մը ապաստանարան է՝ իրենց գլխուն եկած փորձանքներէն ետք, որովհետեւ մարդիկ կը յիշեն: Անոնք չեն կրնար իրենց յիշողութիւնները ջնջել, թէ ինչպէս իր մօրը բռնաբարած էին, յետոյ՝ կոկորդը կտրած, կամ գլուխը քարով ջախջախելէ յետոյ ըսել՝ մահացած է, ու հեռացած: Ես չեմ կարծեր, թէ գաղտնի քրիստոնէութիւն դաւանողներու թիւը շատ մեծ է: