ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքի վարչակարգի տապալում պահանջող ցուցարարները 15րդ օրն ըլլալով իրենց զայրոթը արտաայայտեցին Երեքշաբթի, Փետրուար 8ին, երբ երրորդ անգամն ըլլալով ամբողջութեամբ լեցուցին Ազատութեան հրապարակը: Անոնցմէ ոմանք պաշարեցին Եգիպտոսի խորհրդարանն ու վարչապետարանը, որոնք կը գտնուին հրապարակին մօտ։ Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ արգելք հանդիսացան, որ նորանշանակ վարչապետ Ահմատ Շաֆիք մուտք գործէ իր գրասենեակը՝ կառավարութեան հրաժարականը պահանջող կոչեր արձակելով։
Մարդկային իրաւանց գործիչ ու ամերիկեան «Կուկըլ» համացանցային կայքի պաշտօնեաներէն Ուաէլ Ղունէյմ, որ 12 օր ձերբակալուած մնալէ ետք ազատ արձակուած էր, մասնակցեցաւ ցոյցին եւ ցուցարարներուն առջեւ խօսք մը արտասանեց՝ ոգեւորելով ներկաները։
Իր կարգին, Եգիպտոսի փոխնախագահ Օմար Սլէյման, նախագահ Մուպարաքի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ կառավարութիւնը երկրին իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու ծրագիր մը եւ ժամանակացոյց մը ունի՝ նշելով, որ նախագահին հեռացումը պահանջող ցուցարարները դատական հետապնդումի պիտի չենթարկէ։ Սլէյման ըսաւ, որ նախագահ Մուպարաք 11 անդամներէ բաղկացած սահմանադրական յանձնախումբ մը գոյացնելու նախագահական որոշում մը հրապարակած է, եւ այդ յանձնախումբին պարտականութիւնն է Սեպտեմբերի նախագահական ընտրութիւններուն ճամբան հարթող սահմանադրական փոփոխութիւնները ճշդել, եւ բոլոր կողմերուն հետ այդ ուղղութեամբ քննարկում կատարել։
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ ցոյցերուն ընթացքին ցարդ 297 զոհ արձանագրուած է՝ աւելցնելով, որ զոհերուն մեծամասնութիւնը ոստիկանութեան կողմէ արձակուած փամփուշտներով սպաննուած է։ Ըստ կազմակերպութեան, Գահիրէի մէջ զոհերուն թիւը 232 է, Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ 52, իսկ Սուեզի մէջ՝ 13։
Գերմանական «Շփիկըլ» թերթը նշեց, որ Մուպարաք բժշկական երկարատեւ քննութիւններու համար կրնայ Գերմանիա ուղղուիլ, եւ թէ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին։
Նաեւ, «Լոս Անճելըս Թայմզ» հաղորդեց, թէ Ուաշինկթըն համաձայն կը թուի ըլլալ Մուպարաքը մինչեւ Սեպտեմբեր իշխանութեան վրայ պահելու ընտրանքին՝ մեղմացնելով իշխանութեան փոփոխութիւնը արագօրէն կատարելու անցեալ շաբթուան իր կեցուածքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.