ԵՐԵՒԱՆ.- «Այս պահին Արցախում եղանակային պայմանները բաւականին անյաջող են, ինչի պատճառով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահները ԼՂՀ չեն ժամանի», «Փանորամա» լրատուական գործակալութեան յայտնած է ԼՂՀ նախագահի հանրութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը:
Ըստ Բաբայեանի, համանախագահներու Ստեփանակերտ չմեկնելու պատճառը միայն եղանակային պայմաններն են եւ պէտք չէ այդ հարցին մէջ որեւէ քաղաքական միտում տեսնել:
«Բանակցային գործընթացի մասնակիցները պէտք է յաճախակի ժամանեն տարածաշրջան, որպէսզի տիրապետեն բանակցային գործընթացի զարկերակին: Դա ամէնից առաջ իրենց է հարկաւոր, քանի որ այն, էականօրէն կը հեշտացնէր իրենց աշխատանքը: «Դիստանցիոն» (հեռուէն-Խմբ.) ձեւով հակամարտութիւնը չի կարգաւորուի», յայտնած է Բաբայեան:
Համանախագահները, Երեւան իրենց այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցան հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Օհանեան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն խնդրանքով ներկայացուցած է հայ-ատրպեճանական շփման գիծի իրադրութիւնը: Ան նշած է, որ հայկական կողմը կը շարունակէ խստօրէն պահպանել հրադադարը: Նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէն հրադադարի խախտումներու եւ յատկապէս դիպուկահար գործողութիւններու աշխոյժացման կապակցութեամբ, որուն չէզոքացման ուղղութեամբ հայկական կողմը կը ձեռնարկէ համապատասխան քայլեր:
Սէյրան Օհանեան մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ գերիներու վերադարձման վերաբերեալ 2010 Հոկտեմբերին Ասթրախանի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ Ատրպէյճանի կողմէն ոչ լիարժէք կատարման եւ գործընթացը խոչընդոտելուն կապակցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը միակարծիք եղած են հրադադարի պահպանման, ինչպէս նաեւ՝ վս-տահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման կարեւորութեան շուրջ:
Համանախագահները երէկ մեկնեցան Պաքու: