ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, Փետրուար 10ին նշուեցաւ հայ մեծ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի ծն-նդեան 125ամեակը. հանդիսութեան ընթացքին գրադարանին ցուցափեղկերուն մէջ ներկայացուեցան Մեծարենցի հեղինակած եւ անոր նուիրուած շուրջ 30 գիրքեր, բազմապիսի հանդէսներու մէջ տարբեր տարիներու տպագրուած յօդուածներ, իսկ անոր անունը կրող դպրոցին սաները արտասանեցին Մեծարենցի բանաստեղծութիւնները:
Նշենք, որ Մեծարենցի գրական ժառանգութիւնը բաղկացած է աւելի քան 130 քնարական ոտանաւորներէ, շուրջ տասը արձակ բանաստեղծութիւններէ, պատմուածքներէ ու քանի մը գրական-քննադատական յօդուածներէ: Ան կատարած է նաեւ չափածոյ ու արձակ թարգմանութիւններ՝ արեւմտա-եւրոպական եւ ռուս հեղինակներէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.