ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, Փետրուար 4ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ «Հ. Գարակէօզեան» հիմնարկի ընկերային ծառայողները այցելեցին «Տը Լա Քրուա» հիւանդանոցը, ուր տեսակցեցան հոն գտնուող հայ հիւանդներուն հետ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը տառապին մտային եւ հոգեկան տարբեր տեսակի հիւանդութիւններէ։
Հիւանդանոցի ընկերային ծառայողին հետ խորհրդակցաբար, ընկերային ծառայողները անհրաժեշտ նուէրներ, ուտելիքներ եւ վառարաններ տրամադրեցին 40 հիւանդներու, որոնք խմբուած էին սրահի մը մէջ։
Ստեղծուեցաւ ընկերային հաճելի մթնոլորտ. անսահման էր ուրախութիւնը ներկաներուն, որոնք երկար ատենէ ի վեր լքուած էին եւ այցելող չունէին։ Անոնք ընկերային ծառայողներուն յայտնեցին իրենց ցաւերը եւ մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին իրենց առօրեայ կարիքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.