ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Հինգշաբթի, Փետրուար 10ին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններուն միջեւ ֆիզիքական բախում մը տեղի ունեցած է։ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Հասիպ Քափլան իր արտասանած խօսքին ընթացքին, յիշատակելով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի անունը՝ գործածած է «մեծայարգ» մակդիրը, որուն պատճառով վիճաբանութիւնը սկսած է։ Խորհրդարանի փոխնախագահ Սատըք Եաքութ, յայտարարելէ ետք, թէ «հոս չէք կրնար յարգարժան ըսել մէկու մը, որ սպաննած է 40 հազար մարդ», գոցած է քիւրտ երեսփոխանին բարձրախօսը: «Դուք ալ ատենօք «յարգելի» կոչեցիք Քենան Էվրենը, որ այնքան մեծ թիւով երիտասարդներու կախաղան հանուելուն պատճառ դարձած էր», պոռացած է ան:
Իր բողոքը արտայայտելու համար ամպիոն ուղղուած է քիւրտ երեսփոխան Սըրրը Սաքըք, որուն փորձած են խոչընդոտել իշխող կուսակցութենէն երեսփոխաններ: Քիւրտ երեսփոխանը բռունցքի հարուածով տապալած է երեսփոխան մը, մինչ ուրիշ մը Սաքըքի վրայ յարձակած եւ անոր կոկորդէն բռնած է: Խումբ մը երեսփոխաններու միջամտութեամբ կարելի եղած է վերջ տալ կռիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.