ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ճարտարագիտութեան ազգային ակադեմիան Երեքշաբթի, Փետրուար 8ին յայտարարեց, թէ որոշած է իրեն անդամ դարձնել 68 ճարտարագէտներ՝ ակադեմիոյ անդամներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 2290ի:
Նոր անդամներէն մէկն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ դասախօսող ճարտարագէտ փրոֆ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որ մասնագէտ է երկրաշարժային եւ ընդհանրապէս շինարարական ճարտարագիտութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.