Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի՝ Հիւսիսային Ամերիկա եւ մասնաւորապէս Լոս Անճելըսի հայկական գաղութին տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս կատարած յայտարարութեան զուգադիպեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ նոյն թեմային շուրջ եղած յոյժ կարեւոր այն յայտարարութիւնը, ուր կը պարզուէր ներկայ խորհրդարանին կողքին սփիւռքահայութիւնը ընգրկող Վերին պալատի՝ «Սենաթ»ի մը, կեանքի կոչելու իշխանութիւններուն ապագայ ծրագիրը, ուր աշխարհով սփռուած հայկական գաղութներու ծոցէն ընտրուած թեկնածուներ պիտի մաս կազմեն երկրի կառավարման, թէեւ տակաւին յստակ չէ, թէ ի՞նչ մակարդակով։
Գնահատելի է սփիւռքեան ներուժը կարեւորելու ներկայ իշխանութիւններուն մօտեցումը, որ կը յուսանք, բարեմիտ մտածողութեան սահմանը ու փափաքի ծիրը բանտարկուած չեն մնար, այլ ներկայ Հայաստանը տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն հզօրացնելու կողքին, հայրենի յուսալքուած ժողովուրդը բարոյապէս կ՛ամրապնդեն՝ պինդ մնալու համար հայրենի հողին վրայ, ինչ որ կասեցնելու պիտի ծառայէ Հայաստանի դիմագրաւած մեծագոյն աղէտը՝ հայկական նորանկախ հանրապետութիւնը ար-իւնաքամ ընող, համաճարակի բնոյթ ստացած ու տակաւ սաստկացող արտագաղթի ներկայ թափը։
Եթէ իրականութիւն դառնայ Վերի ու Վարի Պալատներու փրկարար ծրագիրը, կը վախնանք, որ հայ կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու, մշակութային ու հայրենակցական միութիւններու կողմէ առաջարկուելիք թեկնածուները, բացառութիւնները յարգելով հանդերձ, երեւակայութենէ ու քարիզմայէ զուրկ, հատուածական մտածողութեամբ սնած նոյն քառակուսի գլուխները առաջ պիտի քշուին, որպէսզի ինչպէս Սփիւռքի պարագային, իմացական ու կազմակերպչական գետնի վրայ լճացնեն նաեւ հայրենի աշխարհը՝ յուսախաբութեան մատնելով բազմաչարչար մեր ժողովուրդը։ Վերին պալատին մէջ ծառայելու պիտի կանչուին այն թեկնածուները, որոնք գործարարի, մտաւորականի ու քաղաքական մարդու արժանիքը կը մէկտեղեն իրենց անձին մէջ, եւ ոչ թէ ոտափոպիկ, երեւակայութենէ զուրկ թեկնածուներ։
Եւ նախքան Պալատ հրաւիրուիլը, այդ անձը պէտք է գործնական հայրենասիրութեան փաստը տուած ըլլայ, փոխանակ իր ճոռոմաբանութիւններով կեանք մը ամբողջ հայ ժողովուրդին համբերութեան «օզոն»ը մաշեցուցած ըլլալու։
Երբ խումբ մը սփիւռքահայերու հետ Հայաստանի գրողներու միութեան 2009ի համագումարին կը մասնակցէինք, յայտագիրին մաս կը կազմէր նաեւ երկու օր Արցախ այցելութիւն մը, որ խոստովանիմ, թէ մէջս ազգային զգացումս ամրացնելու տեսակէտով՝ հրաշալի գաղափար մըն էր։
Բնական էր, որ Ստեփանակերտ մեր մուտքը ողջունուէր Ղարաբաղի գրողներու միութեան նախագահին, սրբազան առաջնորդին, մեզի շատ սիրելի Զօրի Բալայեանին եւ արցախցի պաշտօնատարներու կողմէ։ Յուզումով լեցուն պահերը, զորս այցելուներս ապրեցանք, դեռ մինչեւ օրս իրենց արձակած թրթռացումներն ու ցոլարձակումները կը ձգեն մեր էութեան մէջ։
Հապա Զօրիին հետ ունեցած կարճ տեսակցութիւնս, ուր հէգ գրողը իր սփիւռքահայ զրուցակիցին կը յայտնէր Ղարաբաղի պաշտպանութեան համար իրենց կազմակերպած Երէցներու ջոկատի մարզումներուն ու գործունէութեան մասին։
Երբ իրեն հարց տուի, թէ սփիւռքահայե՞ր ալ կարող էին մաս կազմել ջոկատին, ան չպատասխանեց. յայտնապէս հարցումս զինք անակնկալի բերած էր, սակայն յայտնուած գաղափարէն զուարճացած՝ մելամաղձոտ ժպտեցաւ միայն։ Այդ հանդիպումը անջնջելի տպաւորութիւն պիտի թողուր վրաս, ու յաճախ Ատրպէյճանի մեծխօսիկ նախագահին «պըլֆ»ները լսելով՝ ինքզինքս եւ ինծի հետ հաւատաւոր ընկերներս կ՛երեւակայէի Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու օրհնութեամբ ու անոնց գործակցութեամբ կեանքի կոչուելիք եւ արցախեան սահմաններուն տեղադրուելիք սփիւռքահայ Լեգէոնի կամաւոր մէկ անդամը։
Սխալ մի հասկնաք, այս տարիքէս ետք քանի մը ազերի զինեալներ թօթուելու համար չի կատարուիր «լեգէոնականիս» սրտայոյզ յայտարարութիւնը։ Այլ արցախցի քաջարի եղբայրներուս ու քոյրերուս նեցուկ կանգնելու մարտահրաւէր-կոչին ընթացք տալու, երբ եւ ուր ալ հարկը պահանջէ։ Իմ երազ ծրագիրս է դրացի մեծախոռոչ նախագահին պատգամ մը փոխանցել, թէ չփորձուի պատերազմ յայտարարելու յիմար քայլին ու արկածախնդրութեան դիմել, քանի որ Հայաստանի ու Արցախի հայութեան կողքին, իր դէմը պիտի գտնէ հինգ միլիոն հաշուող սփիւռքահայեր՝ տասնութ տարեկան կտրիճներէ մինչեւ եօթանասունութ տարեկան ամուր սրտով անձնազոհ հայրենասէրներ։
Առաջին ակնարկով որքա՛ն ալ ռոմանթիկ հնչէ մեր առաջարկը, անիկա հեռու չէ իրապաշտ մօտեցումէ։
Կը կարծենք, որ նախքան Վերի պալատի անդամ ընտրուիլը, գործնական հայրենասիրութեամբ պիտի փաստենք մեր նուիրումը հայկական հողին։ Ու սփիւռքահայ Լեգէոնի մէջ ծառայութիւնը պէտք է դառնայ նախապայման՝ ընտրապայքարի մասնակցութեան։
Մեզմէ անոնք, որոնք ղարաբաղեան պատերազմի օրերուն հայրենիք ուղղեցին իրենց քայլերը՝ թիկունք կանգնելու գոյութեան գուպարին մէջ նետուած հայրենի ժողովուրդին, անոնք փորձով գիտեն, թէ իրենց այդ քայլը որքա՛ն գնահատուեցաւ հայրենի մեր եղբայրներուն կողմէ, եւ որքա՛ն նպաստեց զինեալ պայքարի անոնց կորովը բարձրացնելու։
Կ՛ըսուի, թէ ճակատին երկայնքին իւրաքանչիւր կռուողի ետին նուազագոյնը վեց քաղաքացիներ պիտի աշխոյժ պահեն պատերազմական մեքենան։ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կամաւոր, անկախ իր տարիքէն, պիտի սահման ուղղուի ու քանի մը շաբաթ պիտի մարզուի ամերիկեան Խաղաղութեան կորպուսի օրինակով ծառայելու՝ կեանքի կոչուելիք Լեգէոնի գործունէութեան զանազան փուլերուն։
Խօսելով կազմուելիք ջոկատներու մասին՝ հայ կուսակցութիւններն ու անոնց ենթակայ երիտասարդական, սկաուտական ու մշակութային միութիւնները իրենց ծոցէն պիտի կարենան բազմաթիւ ջոկատներ կեանքի կոչել։ Իսկ մարզումի ժամկէտը պիտի ճշդորոշուի ամերիկեան դատարանները ծառայութեան կանչուող երդուեալներու օրինակով։ Ճամբորդութեան ու կեցութեան ծախսերը երբ ենթական չկարենայ հոգալ, անոր պատկանած կազմակերպութիւնը կամ հայրենակցական միութիւնը յանձն պիտի առնէ այդ մէկը։
Երկար կարելի է գրել հայրենակերտումի հզօր այս ծրագիրին մասին, սակայն յօդուածի մը ընդունուած չափը պահելով՝ կը բաւարարուինք, պատրաստ ըլլալով լսելու մեր ղեկավարութեան ու ընթերցողներուն ալ կարծիքները։
Ապագայ Լեգէոնական՝
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ