Ուքրանական հեղինակաւոր «Իմիճ.ուա» միջազգային գործարարական բարձրակարգ ամսագիրը, 2011ի իր առաջին թիւին մէջ ծաւալուն յօդուած մը հրատարակած է «Ուքրանիա-Հայաստան» խորագիրին ներքոյ, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ամսագիրի 28-51 էջերը ամբողջութեամբ նուիրուած են հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի պատմութեան ու հայ մշակոյթին։ Յօդուածին մէջ Հայաստանը կը ներկայացուի իբրեւ քաղաքակրթութեան ակունքներու վրայ գտնուող հնագոյն երկիր մը՝ հարուստ քրիստոնէական սրբավայրերով եւ պատմական խորունկ անցեալի վկայութիւններով. կ՛ընդգծուի հայ ժողովուրդին անգնահատելի ներդրումը՝ Ուքրանիոյ մշակոյթը զարգացնելու գործին մէջ։
Համառօտ կերպով կը ներկայացուին երկրին անցեալի ու ներկայի նկարագիրը, Հայաստանի պատմական ու մշակութային յուշարձանները. առկայ են նաեւ յօդուածներ աշխարհահռչակ հայ գործիչներու, մասնաւորաբար նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի, մեծանուն երգիչ Շարլ Ազնաւուրի, ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի, Արամ Խաչատրեանի, Անասթաս Միկոյեանի, Սերգէյ Փարաճանովի եւ ուրիշներու մասին։
Ամսագիրը ընթերցողները կը ծանօթացնէ նաեւ 1915ի Ցեղասպանութեան հետ։ Յօդուածին մէջ տեղ գտած է ընդարձակ հարցազրոյց մը՝ Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանի հետ, ինչպէս նաեւ հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն առնչուող հատուածներ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ուքրանական «Փրոֆիլ» ամսագիրին տրուած հարցազրոյցէն։