
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամին, զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնարկին ու Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման հիմնարկին համատեղ ջանքերով, անցեալ տարուան վերջաւորութեան լրագրողներու շրջապտոյտ մը կազմակերպուած էր Հայաստանի տարածքին, լուսարձակի տակ առնելու համար Հայաստանի տեսարժան վայրերը:

Ռուսիայէն, Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն ու Միացեալ Նահանգներէն լրագրողներու խումբեր մասնակցած էին սոյն շրջապտոյտին: Հրաւիրեալներէն մէկն էր Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ գործող KSEE պատկերասփիւռի կայանի երկարամեայ հաղորդավարներէն Սթեֆանի Պուրուճեանը, որ վերադարձին պատրաստած է հաղորդաշար մը՝ «Սթեֆանիին Հայաստան»ը անունով:
Հաղորդաշարը պիտի ցուցադրուի Փետրուար 21-25ի ընթացքին, երեկոյեան ժամը 6ին ու 10ին, ապա պիտի կրկնուի կայանի առաւօտեան ծրագիրներուն ընթացքին, ժամը 5ին ու 6ին:
Յայտագիրի որոշ մասերը կարելի պիտի ըլլայ դիտել համացանցին վրայ, կայանին կայքէջէն՝ www.ksee24.com հասցէին: