ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Պոլսոյ մէջ կայացաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի 2011ի «Կրան փրի» խաղարկութեան երկրորդ փուլը, ուր ծանրային եօթը կարգերուն մէջ Հայաստան ունէր մէկական պատուիրակ:
Հայաստանի հաւաքականի անդամներէն ամենայաջողը ներկայացաւ 74 քլկ. Մուսսա Մուրթազալիեւը, որ նուաճեց ոսկէ մետալ եւ ստացաւ 2000 տոլար պարգեւ:
120 քլկ. ծանրութեան կարգին մէջ, արծաթէ մետալի արժանացաւ Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս եկող Ռուսլան Պասիեւ:
55 քլկ. կարգով, պատուոյ երրորդ հարթակին կանգնեցաւ Միհրան Ճապուրեանը: Հայաստանի մնացեալ ըմբիշները չկրցան յաղթահարել կիսաեզրափակիչ փուլը: