ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայկական գրատպութեան 500 ամեակին եւ «Եունեսքօ»ի կողմէ Երեւանը 2012ի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առթիւ, Փետրուար 17-19ի միջեւ, մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գիրքի երեւանեան վեցերորդ տօնավաճառը:
Տօնավաճառին պիտի մասնակցին Հայաստանէն շուրջ 30 հրատարակիչներ, որոնք պիտի ներկայացնեն վերջին տարիներու իրենց լաւագոյն հրատարակութիւնները:
Տօնավաճառի կազմակերպիչներն են Հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութիւնը եւ «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանը: