ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը օրերուն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դիմած են հետաքրքրական քայլերու, որոնք ցոյց կու տան, թէ իր թշնամիներուն հետ կապեր հաստատող բարեկամներուն նկատմամբ խիստ վերաբերմունք ցուցաբերող Պաքուն, այն համոզումը ունի, թէ ինք «վերի արտի ցորէն է», այսինքն՝ կրնայ իր բարեկամները նեղացնող քայլերու դիմել՝ կապեր հաստատելով անոնց թշնամիներուն հետ:
Արդարեւ, հակառակ Ուաշինկթընի բողոքներուն, Քուպայի արտաքին գործոց նախարար Պրունօ Ռոտրիկեզ Փարիյա Փետրուար 17ին պաշտօնական այցով Ատրպէյճան պիտի այցելէ ու Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի ու այլ պաշտօնատարներու հետ պիտի քննէ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները:
Ատրպէյճանի եւ Քուպայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 2004ին: «Ուիքիլիքս»ի վերջին բացայայտումէն ի յայտ դարձած է, թէ Ուաշինկթըն դժգոհութիւն յայտնած է Քուպայի հետ Ատրպէյճանի ջերմացող յարաբերութիւններուն համար, միաժամանակ պահանջելով Պաքուէն, որ միանայ Քուպայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու միջազգային համաձայնագիրին, սակայն Պաքուն մերժած է այդ պահանջը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Փետրուար 14ին հրամանագիր մը ստորագրած է, Պաքուի մէջ Պաղեստինի դեսպանատան գործունէութեան օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Համաձայնագիրին մէջ ուշադրութեան առարկան «Պաղեստինի պետութիւն» արտայայտութիւնն է, որուն կ՛ընդդիմանայ Իսրայէլի կառավարութիւնը:
Այս պատճառով, Ատրպէյճանի մօտ Իսրայէլի դեսպանատունը Երկուշաբթի օր մէկ օրով աշխատանքը դադրեցուցած էր: Կարգ մը մեկնաբաններու կողմէ, Իսրայէլի այս արարքը «սպառնական» որակուած է: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ հարցով հեռագիր մը յղած է Ատրպէյճանի իշխանութեանց, ուր կը շեշտուի, որ եթէ Պաքու Պաղեստինի հետ կապուած քաղաքականութիւնը վերատեսութեան չենթարկէ, Իսրայէլ կրնայ նման քայլերու դիմել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով՝ անտեսելով Պաքուի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները:
Ուրեմն, ըստ Պաքուի տրամաբանութեան, «իմ թշնամիս պէտք է իմ բարեկամիս թշնամին ըլլայ», սակայն պայման չէ, որ «իմ բարեկամիս թշնամին՝ ի՛մ ալ թշնամիս ըլլայ»: Այսպիսի տրամաբանութեան մէջ, «տրամ»ը իր արմատները խրած կ՛ըլլայ այդ բառին թատերական իմաստին մէջ եւ հեռու է բանականութենէ: