ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Սաֆիր» թերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ անկեղծ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն՝ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: «Կը փափաքիմ կազմել լիբանանեան ազգային միասնականութեան դահլիճ մը, ուր քաղաքական բոլոր ուժերը կը ստանձնեն ազգային պարտականութիւն՝ ծառայելու իրենց հայրենիքին եւ պետութեան։ Իսկ եթէ բոլորս կ՛ուզենք ամրապնդել մեր երկրին միասնականութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը, ապահովութիւնը, ապա հարկ է միասնաբար գործակցինք՝ դուրս գալով նեղմիտ ենթադրութիւններէ», շեշտեց ան։
Միւս կողմէ, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ նոր կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ Միքաթի ոչ ոքի մասնակցութիւնը վեթոյի ենթարկած է՝ աւելցնելով, որ ան քաղաքական ոչ մէկ կողմի յանձնառութիւններ խոստացած է, այլ՝ նախարարները նշանակելու որոշ չափանիշներ ճշդած է, որպէսզի կարելի ըլլայ ոխակալութենէ եւ վրէժխնդրութենէ հեռու ազգային դահլիճ մը կազմել։
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ դրուատած է Եգիպտոսի ժողովրդային ապստամբութիւնը՝ նկատել տալով, որ այդ յեղափոխութիւնը շշմեցուցած է բոլորը, յատկապէս՝ Արեւմուտքը։ «Ազգային պայքարի ճակատ» երեսփոխանական պլոքի նախագահը զգուշացուց անոնց, որոնք իրենց գրաւը կը դնեն արտաքին ուժերու վրայ։ Ան շեշտեց, որ հարկ է զգաստ մնալ՝ դիմագրաւելու համար Լիբանանի համար այս դժուար հանգրուանը։