
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Փետրուար 16ին, Աբովեան քաղաքին մէջ մասնակցած է «Արփիմետ» դեղագործական ընկերութեան նորաստեղծ արտադրամասերու բացման արարողութեան:
Հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարելէ ետք, կառավարութեան ղեկավարը շրջած է տարածքը եւ ծանօթացած արտադրանքի առաջին նմոյշներուն:
«Արփիմետ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վաչագան Ղազարեան, վարչապետ Սարգսեանին ներկայացուցած է ժամանակակից սարքերով յագեցած տարրալուծարանի հումքին, միջանկեալ եւ պատրաստ արտադրութեան հսկման գործընթացի մանրամասնութիւնները:
Շնորհաւորելով ընկերութեան ղեկավարութիւնն ու աշխատակազմը՝ Տիգրան Սարգսեան գնահատած է իրականացուած աշխատանքները. ««Արփիմետ» ընկերութիւնն ստեղծել է ժամանակակից չափանիշներին համապատասխան աշխատատեղիներ, նաեւ ներդրել այնպիսի միջազգային չափանիշներ, որոնք հնարաւորութիւն են տալու Հայաստանում արտադրուած դեղորայքը մեծ ծաւալով արտահանել եւ վաճառել միջազգային շուկաներում: Ստեղծուել են նոր աշխատատեղեր. այսօր «Արփիմետ»ում աշխատում է 140 մարդ, եւ միջին աշխատավարձն այստեղ աւելի բարձր է՝ շուրջ 140 հազար դրամով, քան հանրապետութիւնում», ըսած է ան:
Նշելով, որ դեղագործութիւնը կը գտնուի ՀՀ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը՝ վարչապետը ընդգծած է. «Մենք պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծենք, որպէսզի դեղագործութիւնը մեծ թափով զարգանայ: Դա նշանակում է, որ աւելի լաւ պէտք է ներկայացնենք մեր սպառողներին, որ Հայաստանում արտադրուած դեղերի որակը բաւական բարձր է, համապատասխանում է միջազգային չափանիշներին, եւ այս դեղերի գինը մատչելի է, ինչը մեզ համար ունի էական նշանակութիւն, մանաւանդ որ գնաճային ճնշումների ներքոյ, դեղերի գների աճի զսպումը յետագայ տարիների համար ունենալու է էական նշանակութիւն: Համոզուած եմ, որ նոր արտադրամասերն ու նոր սարքաւորումները հնարաւորութիւն կը տան արտադրել բարձր որակի դեղորայք»:
Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է միջազգային փորձագէտներու, մանաւանդ հոլանտական «PUM» ընկերութեան ներկայացուցիչ Արճեն Պրուինսմայի օժանդակութիւնը՝ նոր հոսքագիծերու կառուցման գործին մէջ:
Դեղեր, ատամնաբուժական կանխարգելիչ եւ բուժիչ միջոցներ, հականեխիչ ու ախտահանիչ լուծոյթներ, ախտորոշիչ եւ գեղեցկագիտական միջոցներ, ինչպէս նաեւ անասնաբուժական դեղեր արտադրող այս ընկերութեան շնորհուած են Որակի կառավարման միջազգային չափորոշիչի (ISO 9001:2008) եւ Պատշաճ արտադրական գործունէութեան (GMP) հաւաստագիրներ՝ գերմանական «TUV Rheinland» եւ ֆրանսական «AB Certification» ընկերութիւններուն կողմէ:
Չսահմանափակուելով կարծր, հեղուկ ու փափուկ դեղաձեւերու արտադրութեամբ՝ 2010ին սոյն ընկերութիւնը կատարած է 1 միլիոն 200 հազար տոլարի ներդրում: Արդիւնքով, կառուցուած են միջազգային չափանիշներու համապատասխանող մաքուր սենեակներ, ձեռք բերուած են եւրոպական ժամանակակից սարքեր եւ շուրջ 40ով աւելցած է աշխատատեղերուն թիւը: