
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Փետրուար 16ին, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի վարչապետ Նիքա Կիլաուրին։ Երկու վարչապետները քննարկած են երկկողմանի հասարակական-տնտեսական համագործակցութեան գերակայ հարցերը:
Հանդիպման աւարտին պաշտօնակիցները ունեցած են համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Վրաստանի վարչապետը յայտարարած է, թէ Վրաստան մտադիր չէ վաճառել Ռուսիա-Հայաստան կազատարի վրացական հատուածի բաժնետոմսերուն փաթեթը:
Նշենք, որ Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Պաւել Քուպլաշվիլի, 2010ի ամրան առաջարկած էր վաճառել կազատարը, իսկ Կիլաուրի յայտարարած էր, թէ չի բացառուիր, որ բաժնետոմսերը վաճառքի հանուին Լոնտոնի սակարանին մէջ: «Հիւսիս-Հարաւ» կազատարի վրացական հատուածին նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ Ատրպէյճան:
Վրաստանի վարչապետը ընդգծած է, որ իր հայ գործընկերոջ հետ քննարկած է երկկողմանի ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնը եւ պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած էին Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի այցին ընթացքին:
Ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի վարչապետը նշած է, թէ կողմերը քննարկած են հաղորդակցային եւ տարանցման հարցեր: Վերջինը, ըստ Նիքա Կիլաուրիի, առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի համար:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նաեւ ընդգծած է, թէ երկու երկիրներուն մէջ մշակուած են գնաճի դէմ պայքարի միջոցներ: «Մենք Հայաստանում կիրառում ենք ինչպէս գնաճի դէմ պայքարի ընդունուած միջոցներ, այնպէս էլ մեծացնում ենք սոցիալական (հասարակական) ծրագրերի ֆինանսաւորումն ու քանակը», յայտնած է Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ այդ ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ բարձրացած են թոշակները, իսկ 105 հազար ընտանիք ներգրաւուած է հասարակական տարբեր ծրագիրներու մէջ:
Վարչապետը նշած է նաեւ, որ ՀՀ կառավարութիւնը մտադիր է գիւղական համայնքներուն տրամադրել կարճաժամկէտ օգնութիւն, որուն շնորհիւ պիտի նուազին սերմացուներու գիները եւ պիտի աւելնան ցանքատարածքներու ծաւալները:
Վրաստանի վարչապետը, իր կարգին նկատել տուած է, որ նշեալ բոլոր միջոցներուն զուգահեռ, Վրաստանի մէջ գնաճի դէմ պայքարին համար կը ձեռնարկուի բնակիչներուն ուժանիւթի եւ պարէնային յատուկ վկայագիրներ տրամադրելու քայլեր:
Գործընկերները նաեւ նշած են, որ երկու կառավարութիւնները այժմ բանակցութիւններ կը վարեն սահմանը հատող բեռնատար եւ մարդատար ինքնաշարժներուն համար նիւթական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ, հաշուի առնելով երկու երկիրներուն մէջ ընդունուած նոր օրէնքները: Հայաստանի վարչապետը այդ ուղղութեամբ նշած է, թէ ինքնաշարժներու պարտադիր ապահովագրութեան հիման վրայ, տուեալ հանգամանքը կ՛ընդգրկէ նաեւ հայ-վրացական սահմանը հատող վրացական մեքենաները:
«Միեւնոյն ժամանակ Վրաստանն օրէնք է ընդունել, որը յատուկ հարկ է սահմանում բեռնատար մեքենաների կողմից սահմանը հատելու համար: Այդ միջոցները ուղղուելու են Վրաստանի ճանապարհային հաղորդակցութեան պահպանման համար: Այդ համատեքստում մենք Վրաստանի վարչապետի հետ պայմանաւորուել ենք առաւելագոյն ջանքեր գործադրել ֆինանսական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու եւ տարատեսակ խոչընդոտները վերացնելու ուղղութեամբ», ըսած է Տիգրան Սարգսեան: