
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ.- Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է միջամուխ ըլլալ երկար տարիներ աւերակի վերածուած «Դուին» հիւրանոցի կառուցապատման գործին:
Յիշեցնենք, որ 2003ին հիւրանոցը երեք միլիոն տոլարով վաճառուած է «Կովկասեան քոմունիքացիոն խումբ» ընկերութեան, որուն սեփականատէրերէն մէկը ռուսական էսդրատայի յայտնի աստղ Իոսիֆ Գապզոնն է: Գնորդը խոստացած էր հինգ տարուան ընթացքին կառուցել հինգ աստղանի հիւրանոց՝ ներդնելով առնուազն 30 միլիոն տոլար, սակայն մինչեւ այսօր որեւէ ներդրում չէ իրականացուած:
Կառավարութիւնը որոշած է առիթ մը եւս տալ յայտնի երգիչին՝ ներդրումներու վերջնաժամկէտ սահմանելով 2014ը: Եթէ սահմանուած ժամկէտին մէջ ներդրումներ չկատարուին, ապա սեփականատէրը պարտաւոր է տուգանք վճարել չկատարուած ներդրումներու տասը տոկոսին չափով:
2014էն ետք, կառավարութիւնը իրաւունք ունի դատական կարգով բռնագրաւելու «Դուին» հիւրանոցը, եթէ մինչ այդ Ի. Գապզոն կառուցած չըլլայ զայն:
Ըստ կառավարութեան հաղորդագրութեան, «Կովկասեան քոմունիքացիոն խումբ»ը ընդունած է բոլոր առաջադրուած պահանջները: