
ՄԱՆԱՄԱ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիական «Քուրինա» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Փետրուար 16ին գրած է, թէ Երեքշաբթի գիշեր, արեւելեան Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ ապահովական ուժերու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու ընթացքին 14 վիրաւոր արձանագրուած է։ Ըստ օրաթերթին, խռովութիւնը ցուցարարներուն շարքին գնտուող «խաբանարարներու» կողմէ հրահրուած է: Ցոյցերը նախաձեռնուած էին Թրիփոլիի «Ապու Սալիմ» բանտին մէջ 1996ին սպաննուած բանտարկեալներու ընտանիքներուն կողմէ։ Անոնք նշեալ բանտարկեալներու փաստաբանին ազատ արձակումը կը պահանջէին։
Լիպիացի 213 մտաւորականներ կոչ ըրած են 40 տարիէ ի վեր իշխանութեան վրայ գտնուող Մուաամար Քազաֆիին, որ «հրաժարի իշխանութենէն եւ խաղաղ անցումային շրջան ապահովէ»։ Անոնք նաեւ իշխանութիւններէն պահանջած էին չխոչընդոտել վերոնշեալ ցոյցը։
Եմէնի մէջ, ոստիկանութիւնը Չորեքշաբթի օր փորձեց կասեցնել արդէն իսկ վեցերորդ օրը բոլորած ցոյցերը, որոնց հետեւանքով քանի մը շրջաններու մէջ բախումներ տեղի ունեցան: Ըստ «Ճազիրա»ին, բախումներուն ընթացքին սպաննուած են երկու ցուցարարներ:
Պահրէյնի մէջ, համեմատաբար խաղաղ ցոյցերը Չորեքշաբթի օր շարունակուեցան մայրաքաղաք Մանամայի կեդրոնը: Աւելի քան հազար ցուցարարներ միացան Երեքշաբթի օր ապահովական ուժերուն կողմէ սպաննուած շիի ցուցարարի մը թաղման թափորին։ Ան զոհուած էր մէկ այլ զոհի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին: Երկու հազար այլ ցուցարարներ հաւաքուեցան Մանամայի մէջ հրապարակի մը վրայ, հետեւելով Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցերու օրինակին։ Ցուցարարներուն մէկ մասը, Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերը հրապարակին վրայ մնացած է: Ցուցարարները վարչապետ շէյխ Խալիֆա պըն Սալման Խալիֆայի հրաժարականը կը պահանջեն, սակայն առայժմ իշխանին տապալումը չեն պահանջեր։
Վերջապէս, Եգիպտոսի մէջ օդակայանի աշխատաւորները Չորեքշաբթի օր բողոքի ցոյց մը կատարեցին Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ, մինչ կերպասեղէնի արտադրութեան մարզի աշխատաւորները գործադուլ հռչակած էին, հակառակ նման քայլերէ հեռու մնալու բանակին կոչերուն:
Նաեւ, Չորեքշաբթի օր Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ապստամբութեան զոհերուն թիւը 365 է: