
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ուրբաթ, Փետրուար 18ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վաւերացուցած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ անցեալ տարի ստորագրուած ռազմագիտական գործընկերութեան եւ փոխադարձ օժանդակութեան համաձայնագիրը, որ անցեալ Դեկտեմբերին վաւերացուած էր Ատրպէյճանի խորհրդարանին կողմէ: Համաձայնագիրը երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ ստորագրուած էր Օգոստոս 2010ին:
Ըստ համաձայնութեան, յառաջիկայ 10 տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներէն մէկուն վրայ յարձակումի մը պարագային, երկրորդ երկիրը օժանդակութեան ձեռք պիտի երկարէ: Միաժամանակ, պիտի սերտանայ ռազմական համագործակցութիւնը:
Ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներուն, այս համաձայնագիրի պայմաններուն իրագործումը ապահովելու նպատակով, թրքական բազմամարդ պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային Ատրպէյճան պիտի այցելէ: Պատուիրակութեան մէջ կ՛ակնկալուին ըլլալ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութենէն, պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ ռազմա-արդիւնաբերութեան մարզէն ներկայացուցիչներ: