ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ժագ Ս. Յակոբեան անունով գրական աստղ մը աւելի քան 70 տարիներէ ի վեր կը փայլի մեր գրական կեանքի, սփիւռքի հայ գրականութեա՛ն երկնակամարին վրայ։ Անոր բազմալար քնարը տասնամեակներէ ի վեր կը հնչէ իւրայատուկ առաքելութեամբ մը, որուն գլխաւոր խորագիրն է ՍԷՐ։ Գրողին սիրոյ զգացումները տարածուն են, կ՛ընդգրկեն մեր լեզուն, գրականութիւնը, պատմական ու պատմութիւն կերտող, գրականութիւն ստեղծող արժէքներ, նաեւ՝ Ստեղծիչը, որ տիրական ներկայութիւն է անոր կեանքին ու գրականութեան մէջ, աւելի քան կէս դարէ ի վեր։
Մշակած է գրական բազմաթիւ սեռեր՝ սկսելով չափածոյէն մինչեւ արձակ ու թատրոն, բայց որովհետեւ ան բանաստեղծ է ամէն բանէ առաջ, ու ամէն բանէ աւելի, այս լարը յորդահոս աղբիւրի պէս լիարժէք ներկայութիւն է անոր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, մինչեւ իսկ այն ատեն, երբ կը խօսի բեմէն, կամ՝ մտերմիկ զրոյցի մը պահուն։ Անոր գրիչը թաթխուած է գեղարուեստի այն կաղամարին մէջ, ուրկէ սնունդ առած են մեր գեղապաշտներուն ստեղծագործութիւնները. առանց ծրագրելու դարձած է կամուրջ մը՝ անցեալ դարու սկիզբի ստեղծագործողներուն ու հետագայ սերունդներուն միջեւ, առաջին իսկ հատորէն սկսեալ կերտելով իր հաստատուն պատուանդանը։
Ժագ Ս. Յակոբեանի աւելի քան 40 հատորներու հասնող գրական ժառանգութիւնը 2009ին հարստացաւ իւրայատուկ հատորով մը, որ կը կրէ «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» խորագիրը, հրատարակութիւն՝ «Թէքէեան» մշակութային միութեան։
Բանաստեղծին նախընթաց գործերէն ոչ մէկուն նման է այս հատորը, ըլլա՛յ բովանդակութեամբ, ըլլա՛յ յղացքով։ Խորքին մէջ, քանի մը «գիրքեր» մէկտեղող հատոր մըն է, որուն կազմութեան մէջ, բանաստեղծը ունի մէկ հիմնական նպատակ՝ գրական յուշակոթող մը կանգնել մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն՝ Վահան Թէքէեանի յիշատակին։ Ուրեմն, պարագայական չէ, որ գրողը իբրեւ գործակից ունեցած է Թէքէեանի անունը կրող մշակութային միութիւնը։
Քանի մը խօսք՝ ընդամէնը 360 էջերու վրայ տարածուող ու պատկերազարդ «բազմահատորեակին» ներքին «յարկաբաժիններուն» մասին։
Գիրքին խորագիրը՝ «Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» իր կոչումը կը ստանայ հատորին առաջին մասէն, որ միայն մէկ փոքր ստորաբաժանումն է ամբողջ շէնքին. մենագրութիւն մըն է Վ. Թէքէեանի մասին եւ կը գրաւէ շուրջ 65 էջ։ Խորագիրը մասամբ խաբուսիկ է. Ժագ Ս. Յակոբեանը ճանչցող մը կրնայ տարուիլ այն մտածումով, որ ան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները կը դիտէ հաւատացեալ հայորդիի մանրադիտակով. ճիշդ է, որ այս գիծը կայ առաջին բաժինին ամբողջ տարածքին, սակայն միայն այդ չէ, որովհետեւ մեծ բանաստեղծին մտերմութիւնը երիտասարդութեան օրերուն վայելած Յակոբեան, իրերայաջորդ ենթախորագիրներու տակ, խորաթափանց գնահատականներ կ՛արձանագրէ Թէքէեանի բանաստեղծական ժառանգութեան ու յատկանիշներուն մասին, արտայայտելով իր հիացմունքն ու յարգանքը անոր անձին ու գրականութեան մասին։ Եթէ այստեղ արձանագրենք միայն քանի մը ենթախորագիր, արդէն առանց երկար մեկնաբանութեանց որոշ ճաշակ մը փոխանցած կ՛ըլլանք մենագրութեան ներքին զարգացումին մասին.- «1900-1915 Համանուագը», «Թէքէեան՝ Թաւջութակը», «Ազնուականը», «Սիրող Սիրտ մը» եւ վերջապէս՝ «Թէքէեան եւ Աստուած» եւ «Թէքէեանի Աստուածը» եւայլն։ Այս բաժինին մէջ, Յակոբեան ի՛նք կը խորասուզուի Թէքէեանի գանձերուն մէջ, որոնելու համար անոր հաւատքի կամ կասկածանքներուն գիծերը։ Բռնազբօսութեան ճիգ չկայ՝ Թէքէեանը անպայման իբրեւ (կրօնական առումով) հաւատացեալ ներկայացնելու, այլ կայ ցանկութիւն, Յակոբեանական ցանկութիւն, որ ան ըլլար հաւատացեալ մը։
Հատորին երկրորդ «յարկաբաժինը» ամէնէն ընդարձակն է, կը տարածուի աւելի քան 250 էջերու վրայ, հատորին վրայ դնելով յուշագրականի կնիքը։
Պարզ յուշագրութիւն մը չէ այս բաժինը, որ կը կրէ «Երկու Սիրավէպ Իրական Կեանքէ» խորագիրը։ Օրագրութիւններէ փրցուած էջեր են (բանաստեղծը կը բացատրէ, թէ 1937էն 1947/8 տարիներուն պահած է օրագրութիւն, որ ընդգրկուած է 18 հաստափոր տետրակներու մէջ, եւ որոնց ամբողջական հրատարակութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէր հեղինակին անձին աւելի խոր ճանաչողութեան). «քմահաճ» ընտրութեամբ քաղուած են այն էջերը, հատուածները, որոնք կը վերակենդանացնեն երկու զուգահեռ զարգացում. մէկ կողմէ՝ Վահան Թէքէեանին հետ Յակոբեանի մտերմութեան պատմութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ իր ապագայ կնոջ հետ Յակոբեանի ծանօթացումէն մինչեւ սիրոյ բողբոջումը, ծաղկումն ու թագադրումը։
Այս բաժինը կարելի է անվարան նկատել նաեւ ինքնակենսագրական մը՝ Յակոբեանի կեանքին յիշեալ տարիներէն։ Հոն կան իր ուսանողութեան տարիներէն պատկերներ, պետական քննութիւններու պատրաստութեան ստեղծած անձկութիւններն ու աշխատանքային առօրեայէն դրուագներ, որոնք լոյս կը սփռեն Ժագ Յակոբեան մարդո՛ւն վրայ։ Եթէ հեղինակը այս բոլորը արձանագրած է իբրեւ վկայութիւն՝ Վահան Թէքէեանի բարերար ազդեցութեան մասին ու իբրեւ նպաստ՝ թէքէեանագիտութեան, միւս կողմէ, հոն կայ ահագին ատաղձ՝ Ժա՛գագիտութեան առումով, որովհետեւ այս էջերուն, ընթերցողը անմիջականօրէն կը ծանօթանայ գրողին կեանքի պայմաններուն, ապրումներուն կրած ելեւէջներուն, փորձառութիւններուն ու տակաւին, իբրեւ բանաստեղծի՝ անոր մասին Աղբալեանի պէս մեծերու յայտնագործութիւններուն։
Թէքէեանի կեանքի վերջին օրերուն՝ ծանր հիւանդութեան մասին էջերուն մէջ, ընթերցողը հեղինակին հետ օրը օրին կ՛ապրի այն ցաւն ու անկարողութեան զգացումը, որոնք կը բխին Թէքէեանը դէպի շիչում տանող դիպաշարէն։ Յուշերէն քաղուած հատուածներուն երբեմն կ՛ընկերանան բացատրութիւններ, որոնք արձանագրուած են այս հրատարակութեան պատրաստութեան ընթացքին։ Ընթերցողը երբեմն իրաւունք ունի տարուելու այն մտածումով, որ դիպաշարը վիպական է, պարուրուած՝ վիպապաշտութեամբ, սակայն Յակոբեանի խորագիրը կը յուշէ, որ իրական կեանքն է որ կը ներկայացուի հոն, մերթ բերկրալի, բայց նաեւ վիշտ պատճաող երեսներով, սակայն միշտ բանաստեղծական շունչով։
Յաջորդ երկու բաժինները համեմատաբար կարճ են. նախ կայ շուրջ 15 էջերու վրայ տարածուող բաժին մը, որ Թէքէեանի ձօնուած Յակոբեանի բանաստեղծական հատորէն քաղուածք մըն է, «Մարդ մը Մեռաւ» հատորէն, եւ գրական վերյիշումի իմաստով քանդակ մը կ՛աւելցնէ գրաւոր այս յուշակոթողի էջերուն։ Յաջորդը՝ «Յուշատետրիս առջեւ 1960ին», այլ վկայութիւն մըն է, թէ Թէքէեանի կորուստը Յակոբեանի համար չդարմանուած վէրք մը, ամոքում չգտած ցաւ մըն է, անոր անվերադարձ մեկնումէն 15 տարի ետք ալ (աւելորդ չ՛ըլլար արձանագրել, որ Յակոբեան նոյն կսկիծը կ՛ապրի նաեւ այսօր, այսինքն՝ սոյն հատորին հրատարակման օրերուն, այլապէս, ինչո՞ւ պիտի մէկտեղէր այս յուշակոթողը)։
Հատորը կը փակուի մանրապատումով մը, որուն աղբիւրը՝ երիտասարդուհիի մը կողմէ բանաստեղծին ձօնուած ամանորեան քարտ մը ու անոր մէջ թողուած ոտանաւոր արձանագրութիւններն են։ Երիտասարդութեան սեմին, Ժագ Ս. Յակոբեան պահիկ մը ապրած է իրմէ քանի մը տարի կրտսեր երիտասարդուհիի մը մտերմութեան մէջ։ Այդ երիտասարդուհին կը կոչուէր… Գոհար Գասպարեան, իրեն պէս գահիրէցի մը, որ հետագային դարձաւ հայ երգարուեստի մէկ փայլուն աստղը։ Այս պատառիկին մասին Յակոբեանի էջերը վկայութիւն են, որ ան արհամարհանքով կը դիտէ այլապէս զինք ծերութեան մատնող տասնամեակները, իբրեւ բանաստեղծ ու ստեղծագործող՝ 90էն ետք ալ կը մնայ երիտասարդ, Սիրոյ երկրպագու՝ ազնիւ սիրոյ բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, ինչպէս որ երիտասարդ է անոր ձայնն ու հայատրոփ բանաստեղծութիւնը։
Իր բոլոր ենթաբաժիններով, ուշագրաւ հատոր մըն է «Թէքեան Վահան՝ Աստուածախոյզը» հատորը, զոր խուզարկելու համար, ընթերցողին կը մնայ կարդալ զայն, չբաւարարուիլ այս սիւնակներով։