
ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 18ին, Եմէնի մէջ կառավարութեան հակառակորդ ցուցարարներ ընդհարումներ ունեցան կառավարամէտ ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու հետ՝ «Զայրոյթի ուրբաթ»ը բախումներու բեմ դարձնելով:
Ոստիկաններ արցունքաբեր նիւթեր արձակեցին եւ օդը կրակեցին՝ ցրուելու համար ցուցարարները։ Թայըզ նահանգին մէջ կառավարութեան հակառակորդ ցուցարարներուն վրայ ձեռնառումբ մը նետուեցաւ՝ վիրաւորելով ութ հոգի եւ սպաննելով առնուազն ուրիշ մը՝ Ուրբաթ օր սպաննուածներուն թիւը երեքի հասցնելով:
Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ հարաւային Ատեն նաւահանգիստին մէջ, ուր ցուցարարներ ինքնաշարժներու եւ կառավարական շէնքերու կրակ տուին:
Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ, հազարաւոր ցուցարարներ դէպի նախագահական պալատ քայլարշաւ մը կատարեցին, ապա ոստիկանութեան եւ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հարիւրաւոր համակիրներուն հետ բախում մը ունեցան։
Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ եւս կառավարութեան համակիր եւ հակառակորդ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց պատճառով առնուազն 10 հոգի վիրաւորուեցան։