«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Սապահ» թերթը իր Հինգշաբթի օրուան թիւի առաջին էջով, նաեւ ներքին էջին մէջ, զգայացունց տողերով արձագանգ կը հանդիսանայ Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի ապասեփականացուած, ապա վերջին շրջանին վերադարձուած կալուածներէն՝ Էմինէօնիւի Սէլամէթ Խանին։
«Սապահ» թերթը այս նիւթի մասին նոր տեսակցութիւն մը ունեցած է Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, Վաքըֆներու նոր օրէնքի հիման վրայ, կառավարութեան կողմէ ազգապատկան կալուածները վերադարձնելու զօրաշարժին մասին։
Յիշեցնելու համար մեր ընթերցողներուն, յայտնենք որ Էմինէօնիւի Սէլամէթ Խանը 1953ին, մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ կտակուած էր Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցին, որ 1994ին, Վաքըֆներու նոր օրէնքին համաձայն, փոխանցուած էր պետական գանձին։ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը այս կալուածի վերադարձը ապահովելու համար դիմած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին, բայց դատը մերժուած էր։ Յիշեալ խանը, որ տարիներ շարունակ անխնամ մնացած էր, 27 Փետրուար 2008ին կիրարկութեան դրուած Վաքըֆներու օրէնքի հիման վրայ, հիւանդանոցին վերադարձուեցաւ։
Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, որ հոգաբարձութիւնը ծրագրած է այս շէնքը հիմնական նորոգութեան ենթարկելէ ետք պանդոկի վերածել եւ այս պանդոկի հասոյթը հիւանդանոցի բարգաւաճման յատկացնել։ Յայտնած է նաեւ որ բացի այս կալուածէն, Հիւանդանոցը դիմում կատարած է 19 կալուածներու վերադարձը ապահովելու համար եւ ասոնցմէ 7 կալուածներու վերադարձին մասին դրական պատասխան ստացած է։ Ասոնցմէ մէկն է հիւանդանոցի հանդիպակաց 44 արտավար հողամասը, որուն վրայ կը գտնուի ներկայիս Զէյթինպուռնուի մարզադաշտը, մարզական սրահը, օթօփարքը եւ թէյապարտէզը։ Շիրինօղլու ըսած է որ Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցը մէկ շաբթուան ընթացքին 4.500 հիւանդներու ծառայութիւն կը մատուցանէ, ուստի որպէսզի մարդասիրական այս հաստատութիւնը գիտական նորագոյն նուաճումներուն հետ կարենայ քայլ պահել ու կանգուն մնայ եւ աղքատ հիւանդներուն ալ ծառայութիւն բերէ, պէտք է իր սեփական այս հողատարածքին վերատիրանայ։ Շիրինօղլու ըսած է նաեւ որ հիւանդանոցապատկան այս հողատարածքին վրայ ծրագրած են յաւելուածական նոր շէնքեր կառուցանել եւ այդ շէնքերու հասոյթը օգտագործել։