ԵՐԵՒԱՆ.- Երկամսեայ դադարէ ետք, Փետրուար 18ին կայացաւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) հանրահաւաքը, որուն ընթացքին ելոյթներու բացումը կատարելով՝ ՀՀՇի վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեան կոչ ուղղեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Օհան Դուրեանի յիշատակը՝ նկատի ունենալով, որ Փետրուար 19ին կը լրանայ անոր մահուան 40րդ օրը: Ա. Մանուկեան նշեց, թէ իրենք հաւաքուած են ո՛չ միայն բողոքելու, այլեւ քաղաքական ու տնտեսական հարցերու գծով՝ իշխանութիւններուն ներկայացնելու իրենց առաջարկները: Ապա ողջունելով արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող յեղափոխութիւնները՝ ան ըսաւ, որ եթէ նախապէս արեւմտեան քամիներն էին յեղափոխութիւն բերողը, այսօր արեւելեան տաք քամիներն են, որ նոյն աշխատանքը կը կատարեն։ ՀՀՇ վարչութեան նախագահը իր խօսքը աւարտեց՝ «Տարոսը մեզ» ըսելով:
Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որ անդրադարձաւ երկրին մէջ ստեղծուած հասարակական-տնտեսական վիճակին, ու նշեց, թէ իշխանութիւններուն վարած ներկայ քաղաքականութեան պատճառով, տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ զրկուած են եկամուտի իրենց աղբիւրէն:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան անդրադարձաւ բացօթեայ առեւտուրի վերացման պատճառով գործազուրկ մնացած քաղաքացիներուն, առեւտրականներուն համար մաքսային վճարումներու բարձրացման հարցին, ինքնաշարժներու ապահովագրական հիմնարկի ներդրումին, դէպի Հայաստանի տարածք վրացական պետական թիւերով ինքնաշարժներու մուտքի սահմանափակման, միաժամանակ քննադատելով այս ուղղութեամբ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով, ըստ իրեն, մարդիկ ստիպուած կը բռնեն արտագաղթի ճանապարհը:
Այս բոլորին հետեւանքով, ըստ Լ. Տէր Պետրոսեանի, երկրին մէջ կ՛աճին մենատէրերը եւ ապրանքնատեսակներուն գիները: Անոր կանխատեսումներով, գնաճը պիտի շարունակուի, եւ թանկացած ապրանքներուն գիները այլեւս պիտի չնուազին, քանի որ նման նախադէպ չէ եղած տակաւին:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշեց, որ իրենց մարդաշատ հանրահաւաքը կը վկայէ, թէ երկիրին մէջ հասարակական վիճակը լարուած է: Հանրահաւաքը, որուն, ըստ ոստիկանական աղբիւրներու՝ մասնակցած է շուրջ վեց հազար մարդ (ոստիկանութիւնը միշտ ալ ցուցարարներուն թիւը քիչ ներկայացնելու հակում ու շահագրգռութիւն ունի, անշուշտ), աւարտած է երթով: