ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտին վրայ եւ իշխանաւոր ճամբարէն ներս վերջին օրերուն արձանագրուած խմորումները յղի են, անկասկա՛ծ, ոչ միայն մեր երկրի ներքին կայունութեան, այլեւ արտաքին ճակատի մեր հաւաքական դիմադրականութեան ու քաղաքական դիրքերուն սպառնացող ծանրակշիռ անդրադարձներով։
Փաստօրէն ամբողջատիրական իշխանութեանց ոճով՝ Հայաստանի նախագահը Փետրուար 17ին կատարեց քաղաքական ուժի ցուցադրութիւն մը, որ մէկ կողմէ «կարգապահութեան» կը հրաւիրէր կառավարական կոալիցիայի իր գործընկերները, միւս կողմէ՝ «իրենց տեղը նստելու ազդարարութիւն» կ՛ուղղէր իր ընդդիմախօսներուն, իսկ ընդհանրապէս ընտրազանգուածին կը հասկցնէր, որ… իր «իշխանութեան հետ խաղ չկայ»։
Իշխանաւոր կոալիցիայի երեք կուսակցութիւններուն՝ Հանրապետականի, Բարգաւաճ Հայաստանի եւ Օրինաց Երկիրի միացեալ ստորագրութեամբ հրապարակուած քաղաքական նորագոյն պայմանագիրը, ըստ ամենայնի, ՀՀ նախագահական յառաջիկայ՝ 2013ի ընտրութեանց միացեալ թեկնածուով մասնակցելու, մանաւանդ Սերժ Սարգսեանի նախագահ վերընտրութեան համար միացեալ ուժերով պայքարելու նախընտրական յայտարարութենէ մը շատ աւելին էր։
Ինչպէս որ ՀՅԴ Բիրոյի ներկայացուցիչը անմիջապէս փութաց ահազանգ հնչեցնելու, ՀՀ նախագահին նախաձեռնութեամբ իշխանաւոր կոալիցիայի կուսակցութեանց նետած այս քայլը «ամբողջատիրութեան հաստատման փորձ» էր։
Իրաւամբ ամբողջատիրութիւն հաստատելու փորձ է կատարուածը՝ թէ՛ կոալիցիոն երեք կուսակցութեանց եւ անոնց ղեկավարներուն վրայ Սերժ Սարգսեանի անձնական իշխանութիւնը պարտադրելու եւ ամրապնդելու, թէ՛ խորհրդարանական յառաջիկայ՝ 2012ի ընտրութեանց արդիւնքները իշխանութեան դիրքերէն կանխորոշելու առումներով։
Թէ ինչպէ՞ս…
Պատասխանը արդէն պարզ է նախ մեր ժողովուրդին համար, որ քսանամեայ փորձով այլեւս համոզուած է, թէ ընտրազանգուածին կամքը կը չարափոխուի իշխանութեան հակակշռին տակ գտնուող լծակներով, նոյնիսկ եթէ միջազգային դիտորդներու վկայութեամբ ապահովուած ըլլայ «ազատ» ու «թափանցիկ» բնոյթը քուէարկութեանց։
Պատասխանը աւելի քան պարզ է, ապա ու մանաւա՛նդ, քաղաքական այն ուժերուն համար, որ ահա քսան տարիէ ի վեր կրկին ու կրկին անգամներ ընտրապայքարի դաշտ կը նետուին՝ ընտրազանգուածի քուէով մեր ժողովուրդին պահանջած իշխանափոխութիւնը իրականացնելու համոզումով, բայց ամէն անգամ ալ դէմ յանդիման կը կանգնին իշխանաւոր ուժին ինքզինք վերարտադրելու եւ պարտադրելու… «ժողովրդավարական» յաղթանակին։
Աւելի՛ն. երբ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնը տակաւին «սարին ետեւն է» եւ խօսքը, այս պահուն, կը պատկանի խորհրդարանական մօտալուտ ընտրութեանց, միայն ամբողջատիրութիւն հաստատելու փորձ կրնայ ըլլալ, գործող նախագահին վերընտրութեան պայմանաւորումով, Ազգային Ժողովի ձեւաւորման համար միասնաբար ընտրապայքարի երթալու կոալիցիոն կուսակցութեանց այսօրինակ համաձայնութիւնը։
Պատահական զուգադիպութիւն չէ, վերջապէս, ՀՀ նախագահին եւ կառավարող կոալիցիոնի իր հետեւորդներուն ընտրութեանց սանդուխէն, աստիճան առ աստիճան բարձրանալու փոխարէն, այդպէս՝ մէկ ոստումով կատարին հասնելու այսօրուան փութկոտութիւնը։
Փաստօրէն իշխանաւոր վարչախումբը «անհանգստանալու» լուրջ պատճառներ ունի։
Ի վերջոյ կը տեսնէ մեր ժողովուրդին մէջ հետզհետէ խորացող դժգոհութիւնն ու ընդվզումը ներկայ իշխանութեանց չարաշահումներուն դէմ։
Կը տեսնէ, նոյնպէս, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժում առաջացնելու ուղղութեամբ Դաշնակցութեան հետեւողական ճիգերը, որոնք թերեւս այնքան ալ ազդու կրնան չըլլալ վարչախումբի նախընտրական մեքենայութիւնները խանգարելու կամ դժուարացնելու առումով, բայց անպայման մտահոգիչ ըլլալու չափ ազդու կրնան դառնալ՝ իշխանութենէն դժգոհ մեր ժողովուրդը տարբեր կարգի նախընտրական ճնշումներու եւ կաշառման փորձերու դէմ շարժման մղելու իմաստով։
Իշխանաւոր վարչախումբը լրջօրէն մտահոգ է նաեւ այն պատճառով, որ իշխանութեան պահպանման եւ ընտրութեանց կանխորոշման մարզին մէջ «ուղի» բացած եւ «աւանդ» ներդրած քաղաքական ընդդիմադիր ուժը, յանձին վերանկախացեալ Հայաստանի առաջին նախագահին, ժողովրդային դժգոհութիւնը ի սպաս իր իշխանութեան ծառայեցնելու պատեհապաշտութեամբ՝ արդէն սկսած է կարգախօսի վերածել «Սերժ Սարգսեանի մուբարաքացումը»…
ՀՀ գործող նախագահը չի տառապիր հաւկուրութենէ. գլուխը աւազին մէջ խրելով՝ իրականութիւնը չտեսնել ձեւացնող տեսակէն չէ։ Մէկէ աւելի առիթներով ցոյց տուած է իրականութեան հետ հաշուի նստելու իր ընդունակութիւնը։ Այս պարագային՝ վստահաբար կ՛անդրադառնայ, թէ ժողովրդային դժգոհութիւնը եւ ընդվզումը համատարած են ու խորացած եւ հարկ է հաշուի առնել փաստացի իրականութիւնը։
Եգիպտոսի եւ Մուպարաքի օրինակով համաժողովրդային ըմբոստացումը կրնայ համեմատութեան տարբեր եզրեր ունենալ եւ յարիր չըլլալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի իրականութեան։
Բայց այժմէն նախագահ իր վերընտրութեան համար իշխանաւոր կոալիցիան կարգի հրաւիրելով եւ ընդդիմադիր ուժերուն, նաեւ ընդհանրապէս ընտրազանգուածին ուղղուած ուժի ցուցադրութիւն կատարելով՝ Հայաստանի նախագահը վերջին հաշուով ամբողջատիրութիւն հաստատելու փորձութեան կ՛ենթարկուի։
Իսկ ամբողջատիրութեանց վախճանը ուշ կան կանուխ անփառունակ անկումն է։
Իսկ Հայաստանը հազարումէկ պատճառ ունի, որպէսզի վերանկախացեալ մեր հանրապետութեան «ծինային արատ»ը հանդիսացող ամբողջատիրութեան որոգայթներէն հեռու մնայ։
Ի վերջոյ հայ քաղաքական մտքին դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ապահովումն է, որուն գրաւականը ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող քաղաքական իշխանութեան ձեւաւորումն է, նոյնինքն ժողովուրդին ներքին համերաշխութիւնը ամրապնդող ընկերային բարեկարգման ու արդարութեան հաստատումն է։
Ամբողջատիրութիւն հաստատելու որեւէ փորձ ծանրագոյն հարուած կը հասցնէ համազգային մեր դիմադրականութեան։
Ծայր աստիճան մտահոգիչ են Հայաստանի վերջին օրերու ներ– քաղաքական դաշտի խմորումները։