
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Փետրուար 23ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, «Եւրոնեսթ»ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ Արեւելեան գործընկերութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի՝ «Եւրոնեսթ»ի, աշխատանքները հաւանաբար սկսին Մարտին, Պրիւքսելի մէջ:
Յովհաննիսեանի համոզումով, «Եւրոնեսթ»ը կրնայ օգտակար եւ արդիւնաւէտ բեմ ըլլալ, եթէ Հայաստան իսկապէս իրականացնէ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրներուն մէջ ամրագրուած բարեփոխումները, իսկ եթէ ձեւական քաղաքականութիւն վարէ անիկա, ապա, բնականաբար, խնդիրներ պիտի ծագին եւ պատուհաս պիտի դառնայ մեր գլխուն:
««Եւրոնեսթ»ը կը դառնայ պարզապէս մի բեմ, որտեղ Հայաստանին կը սկսեն մեղադրել բոլոր գործած եւ չգործած մեղքերի համար: Ի հարկէ, նաեւ չգործած մեղքերի համար, ինչպէս մենք դա լսում ենք, ասենք՝ ԵԽԽՎ ամպիոններում», զգուշացուց հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարը:
Անոր կարծիքով, իշխանութեան ներկայ կազմով եւ իրականացուող քաղաքականութեամբ, Հայաստան կրնայ աւարտին հասցնել եւրոպական կառոյցներուն առջեւ ստանձնած ժողովդավարական բարեփոխումները. «Ես կասկածում եմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ձգտում են, ուզում են գնալ եւրոինտեգրման (ընդելուզման) եւ ժողովրդավարական բարեփոխումների ճանապարհով: Ճիշդ է, երկրի ղեկավարութիւնը պարբերաբար յայտարարում է, որ սատարում է ժողովրդավարական բարեփոխումներին, սակայն բարեփոխումների քոնքրեթ (յստակ) ժամկէտների եւ հեռանկարների իրականացման մասին դժուար է նշել», նկատել տուաւ Յովհաննիսեան:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ անդամ երկիրներուն ներկայացուող «Եւրոնեսթ»ի չափանիշները շատ խիստ են, որովհետեւ եւրոպական գերտէրութիւնները զանոնք կը դիտեն իբրեւ ԵՄ հաւանական թեկնածու անդամներ: «Բայց երբ այդ համաթեքսթում եւրոպացի պատուիրակների մօտ տալիս ես Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անունը, նրանք կորցնում են իրենց եւ չեն իմանում՝ ի՛նչ պատասխանեն», նշեց Յովհաննիսեան:
Խօսելով ազգային պատուիրակութիւններուն մասին՝ ՀՅԴ պատգամաւորը յայտնեց, թէ հայկական պատուիրակութիւնը բաղկացած է տասը պատգամաւորներէ, որոնց շարքին կան նաեւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Իսկ վրացական եւ ատրպեճանական պատուիրակութիւններուն մէջ, ըստ Յովհաննիսեանի, յայտնուած են բացառապէս իշխանական պատգամաւորներ:
Նշենք, որ «Եւրոնեսթ»ի նիստերը տեղի կ՛ունենան տարին մէկ անգամ, Պրիւքսելի կամ անդամ երկիրներէն որեւէ մէկուն մայրաքաղաքին մէջ: