ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ, «Հայրենիք».- Փետրուար 18-20ին, Ուոթըրթաունի (Մեսեչուսեց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի «Շիրակեան» շրջանը կատարեց իր 114րդ շրջանային ժողովը:
Օրակարգի վրայ էին յատկապէս վերջին երկու տարիներու ընթացքին շրջանը յուզող հարցեր: Քննարկուեցան ներքին կազմակերպական, Հայ Դատի, ազգային, քարոզչական եւ տնտեսական բնագաւառներէ ներս զանազան հարցեր, ապա կատարուեցան եւ բանաձեւուեցան շինիչ առաջարկներ: Ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:
Պատգամաւորներ ժամանած էին զանազան շրջաններէ (Պոսթըն, Լոուըլ, Փրովիտընս, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ուաշինկթըն, Ռիչմընտ, Ֆորթ Լոթըրտէյլ, Օքալա, Շիքակօ եւ Միշիկըն): Անոնց կողքին ներկայ էին նաեւ հրաւիրեալներ եւ Դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանէն ու Գանատայէն յատուկ ներկայացուցիչներ:
Աւարտին, ժողովը ընտրեց երկամեայ նոր կեդրոնական կոմիտէ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն. Անդրանիկ Գասպարեան (ատենապետ), Անժէլ Մանուկեան (ատենադպիր), Ճորճ Աղճայեան (գանձապահ), Արի Քիլեան (հաշուապահ), Անի Հարոյեան, Հրայր Պարոնեան եւ Տիգրան Խալիկեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.