ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Տեղական ինքնակառավարման (SF) լրագրողի ակումբը Փետրուար 23ին յայտարարեց «Տի Գրիչ 2010» լրագրողական մրցանակակիրներուն անունները: «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ հրապարակած իր գրութիւններուն համար, Մարգարիտ Եսայեանի շնորհուեցաւ «Տի Ռեբորթաժ 2010», «Երկիր Մետիա» ընկերութեան՝ «Տի համայնապատկեր», լրագրող Ազգանոյշ Բարումեանին՝ «Տի ֆիլմաշար 2010», «Հ2» ընկերութեան լրագրող Քրիստինէ Կարսլեանին՝ «Տի մեկնաբան 2010», իսկ Թագուհի Թովմասեանին՝ «Արդիւնաւէտ արձագանգ» անուանակարգերու մրցանակները:
Նշենք, որ սոյն ծրագիրի ծիրէն ներս լրագրողները այցելած են գիւղեր, համայնքներ, շփուած են գիւղացիներու, համայնքային ներկայացուցիչներու հետ եւ ծանօթացած՝ գիւղական խնդիրներուն:
«Քանի մեր գիւղացին լաւ չի ապրում, խնդիրներ ունի, ուստի չի կարող քաղաքը լաւ ապրել: Այն խոր անջրպետը, որ կայ գիւղի եւ քաղաքի միջեւ պէտք է շուտափոյթ եւ արագ վերացուի: Գիւղացու խնդիրները այսօր ամենակարեւորներ են, շատ աւելի կարեւոր, քան քաղաքական հազար ու մի այլ «զիզի-բիզի» խնդիրներ», յայտնեց «Առաւօտ» օրաթերթի լրագրող Մարգարիտ Եսայեանը:
Այս տարի որեւէ աշխատանք չէ արժանացած «Տի գրիչ 2010»ի գլխաւոր մրցանակին:
Նշենք, որ մրցոյթը իրականացած է 2010ի Ապրիլէն մինչեւ 2011ի Յունուար երկարող ժամանակահատուածին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.