
ՊԱՔՈՒ, «Այսօր».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւի եւ իշխանութեան պահուստային թեւը համարուող Փաշաեւներու միջեւ ծագած է հակամարտութիւն մը, որ ըստ «Ազատլիք»ի հասած տեղեկութիւններուն, կապուած է Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ՝ Փաշաեւներու ցուցաբերած դիրքորոշման հետ, որ կը տարբերի Ռ. Մեհտիեւի դիրքորոշումէն:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Ի. Ալիեւի իշխանութիւնը պահպանելու համար, Փաշաեւները կը գերադասեն անսալ Արեւմուտքի խորհուրդներուն: Արեւմուտքին հետ սերտ կապեր ունեցող Փաշաեւները հասկցած են, որ յեղափոխական գործընթացները կարելի է կանխել՝ միայն կեանքի կոչելով ժողովրդավարական քաղաքական բարեփոխումներ: Այնուհետեւ Փաշաեւները պատրաստած են ժողովրդավարական քաղաքական բարեփոխումներ իրականացնելու կարեւորութիւնը ընդգծող եւ զանոնք անյապաղ իրագործելու քայլեր կատարելու կոչ բովանդակող դիմում մը՝ Ատրպէյճանէն 50 մտաւորականներու ստորագրութեամբ՝ ներկայացնելու համար Ի. Ալիեւի: Թերթը ձեռք բերած է սոյն կոչը ստորագրած մտաւորականներուն ցուցակը, ուր յայտնուած են հասարակութեան համար անակնկալ համարուող անուններ:
Տեղեկութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ սոյն դիմումին մասին վերջին պահուն տեղեկացած Ռ. Մեհտիեւ յաջողած է կանխել Փաշաեւներուն այդ քայլը: Նախագահի աշխատակազմին ղեկավարը յայտնած է, որ 50 մտաւորականներու ստորագրած այդ դիմումը, ներկայ զգայուն պահուն, կրնայ հասարակութեան մէջ առաւել զարգացնել յեղափոխական տրամադրութիւնները եւ ցաւալի արդիւնքներու պատճառ դառնալ: Ռ. Մեհտիեւ, միեւնոյն ժամանակ, Փաշաեւները մեղադրած է ինքնագլուխ գործունելու համար: Ան ըսած է, որ իշխանութիւնը պաշտպանելու «այլ տարբերակներ» կան: Իբրեւ հետեւանք այս բոլորին, Ռ. Մեհտիեւի եւ Փաշաեւներու միջեւ յարաբերութիւնները աւելի լարուած են: