ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Փետրուար 12ին, «Շամլեան» վարժարան այցելած է Կլենտէյլի ոստիկան Մեթ Պոլթըն, որ աշակերտներուն ծանօթացուցած է երթեւեկութեան կանոնները, միաժամանակ շեշտելով փողոցէն անցնելու ընթացքին միշտ ուշադիր ըլլալու կարեւորութիւնը:
Ոստիկանը նաեւ կոչ ըրած է աշակերտներուն, որ իրենց ծնողներուն յիշեցնեն ինքնաշարժը ուշադրութեամբ վարելու կարեւորութիւնը, յատկապէս դպրոցական շրջաններու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.