ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Վարդանանց հերոսամարտի ֆիլմին հեղինակը՝ Հրաչ Ռաճըր Գուբելեան, օսքարակիր արուեստագէտ մըն է։ Երբ 2001-2003 թուականներուն, Նիւ Զելանտայի մէջ ան «Լորտ աֆ տը Ռինկզ» շարքին վրայ կ՛աշխատէր, գիշեր մը կ՛ունենայ իր տեսակին մէջ յատուկ տեսիլք մը, ուր իր մանկութեան հերոսը՝ Վարդան Մամիկոնեան, խոշտանգուած վիճակի մէջ իրեն երեւնալով՝ կը խնդրէ, որ Վարդանանց հերոսամարտը՝ հայերու ջանքերով, սպիտակ պաստառ հանուի։ Երիտասարդ արուեստագէտը հիփնոսացած, խելակորոյս վիճակի մէջ անկողինէն վար ցատկելով՝ իր հերոսին դիմանկարը կը նկարէ ու գալիք տարիներուն, ամբողջ էութեամբ կը նուիրուի իրեն տրուած մարտահրաւէրին։
Ռաճըր, տեսիլքին յաջորդող օրն իսկ, ե-նամակով կապի մէջ մտաւ հետս, պատմեց նախորդ գիշերուան եղելութիւնը ու խնդրեց, որ իրեն հետ գործակցիմ՝ Վարդանանց հերոսամարտի պատմութեան վերաբերող հայկական աղբիւրները ուսումնասիրելով, երբ իր կարգին՝ օտար աղբիւրները մաղէ պիտի անցնէր։ Միւս կողմէ, տենդագին աշխատանքի լծուելով՝ «Մատանիներու Տէրը» ֆիլմի նոր-զելանտացի դարբիններուն պատրաստել տուաւ Վարդանանց ժամանակաշրջանի հայկական բանակին կրած մետաղեայ զրահը:
Ութ տարիէ ի վեր, Ռաճըր իր գործընկերներով Վարդանանց ծրագիրին վրայ կ՛աշխատին, եւ արդէն զոյգ թեմաներով ֆիլմերը՝ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ու Տրդատ» եւ «Վարդանանց Հերոսապատումը», մեծ պաստառի համար նկարահանման փուլի հասցուցած են՝ տնտեսական իր եւ մեր միջոցներէն, ինչպէս նաեւ ժամանակին կատարուած համեստ նուիրատուութիւններէն գրէթէ կէս միլիոն տոլարի գումար մը ծախսելով։ Քիչ ետք ձեզի ցուցադրուելիք տեսասկաւառակը խօսուն ապացոյց է հոլիվուտեան բարձրարուեստ մակարդակով կատարուած աշխատանքին։ Հիմա, երբ Վարդանանց ծրագիրը պատրաստ է նկարահանման, երիտասարդ արուեստագէտն ու իր գործընկերները, բաւական լուրջ երկընտրանքի մատնուած են։
Յաճախ օտար ընկերութիւններու կողմէ իրենց առաջարկութիւններ կ՛ըլլան՝ ֆիլմին իրաւունքը ձեռք ձգելու։ Սակայն «սինեմաշխարհ»ին մէջ տարիներու անոնց փորձառութիւնը կը թելադրէ զգօն ըլլալ։ Մերոնք վստահ չեն, թէ քաղաքական ինչպիսի՛ հոսանքներ կ՛ուզեն տիրանալ ֆիլմի իրաւունքին՝ գուցէ խեղաթիւրելու պատմական իրադրութիւնները, ժապաւէնի ազգային ոգին ու անոր հնչեցուցած հայանպաստ պատգամը։ Օրինակ, այժմու մեր սցենարներուն (բեմագրութեան) մէջ, պարսկական կայսրութեան հանդէպ մեծ յարգանք կը ցուցաբերուի։ Հակահայ հոսանքներ, եթէ յանկարծ տիրանան ֆիլմի իրաւունքին, կրնան աննպաստ գունաւորում տալ մեր հարեւանին, ինչպէս կատարուեցաւ «300» ժապաւէնի պարագային, երբ պարսիկ կռուողներուն՝ նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար՝ կնկայ հագուստ հագցուցին… Կամ ալ, օրինակ, հակադիր նոյն այդ ուժերը կրնան ելլել ու պատրաստի ծրագիրին վրայ նստիլ։ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի նման հայատեաց երկիրներու համար, որոնք միլիառներ կը ծախսեն հակահայ իրենց քարոզչութիւնը առաջ տանելու նպատակով, քաղաքական նպատակներով նետուած քանի մը միլիոնը ոչինչ պիտի նշանակէ։ Եւ պէտք է ընդունինք, որ Հոլիվուտի մէջ Թուրքիոյ համակիր ծախու մարդիկ չեն պակսիր։ Չմոռնանք, որ հայատեաց այդ երկիրները, պետական մտածողութեամբ կը շարժին. առաքինութիւն մը, որ դժբախտաբար հայերուս մօտ յաճախ պակսած է, ապա թէ ոչ, վաղո՜ւց «Վարդանանք»ը սպիտակ պաստառ կը բարձրանար… Եկուր ալ, սուտ կոյր ձեւանալով՝ Գըրգորեանի 200 միլիոն տոլարին վրայ մի՛ ափսոսար…
Մեր ցաւը հոն է, որ մանչերս, հայկականութեամբ սնած սփիւռքահայ երիտասարդութեան սեռուցքը կազմելնուն համար, կը խորշին հակահայ ուժերու ձեռքը գործիք դառնալու գաղափարէն։ Երկուքն ալ իրենց ուսումը կիսատ թողնելով՝ Հայաստան ու Արցախ մեկնեցան՝ հասակակից հայորդիներու կողքին ազատագրական մերօրեայ պայքարին իրենց մասնակցութիւնը բերելու։ Ռաճըրը մեկնեցաւ Կիւլիստանի ճակատ, ուր, իբրեւ շարժապատկերի մասնագէտ՝ հոյակապ վաւերագրական մը նկարահանեց։ Իսկ կրտսերը, 1992ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն ընդունուեցաւ եւ ներկայիս հայրենիք հաստատուած է։
Ներկայ ծրագիրին հանդէպ, մեր տղաքը մեծ պատասխանատուութիւն ցոյց կու տան։ Այն, ինչ իբրեւ «հապի» սկսաւ, հասած է փուլի մը, ուր համահայկական ու համամարդկային հնչեղութիւն ստացած է։ Արուեստագէտ այս խմբակին մեծ երազին իրականացումը, բոլորիս համատեղ ջանքերով իրականութիւն պիտի դառնայ։
Հուժկու այս ծրագիրը, արդէն իսկ Մել Կիպսընի ֆիլմարտադրիչ Թիմ Քավիզելի հետաքրքրութեան արժանացած է:
Այսօր, ազգովին հասած ենք փուլի մը, ուր ամբողջ մարդկութիւնը սկսած է հայ ժողովուրդը իբրեւ ցեղասպանութեան դժբախտ զոհ ճանչնալու։ Ղարաբաղեան հերոսամարտի, ֆետայական մեր սխրանքներու եւ անցեալի մեր քաջութեան մասին խօսող չկայ…
Մե՛նք ենք յանցաւորը, որովհետեւ ձախողեցանք մեր պատմութիւնը օտարին ծանօթացնելու մարտահրաւէրին դիմաց։ Ռաճըրի ձեռնարկածը՝ պատկերներու լեզուով մեր ազգային լինելութեան եւ քրիստոնէական ինքնութեան ծննդոցի հրաշալի պատումն է։ Պատմութեան մէջ, այս մէկը ծանօթ իրողութիւն է. հայերը խղճի ազատութեան համար ճակատած առաջին պետութիւնը հանդիսացան, իսկ պարսիկները՝ ի պատիւ իրենց՝ այդ ազատութիւնը շնորհող առաջին կայսրութիւնը։
Երբ զոյգ ժապաւէնները հայկական դրամագլուխով ու «Պրէյվհարթ»ի մակարդակով նկարահանուին, յաւիտենական զոհի մեր «իմէճ»ը բոլորովին պիտի շրջուի։ Ատոր կողքին, Հայաստանի տնտեսութեան համար խիստ եկամտաբեր «թուրիզմ»ը չտեսնուած զարգացում պիտի ապրի, ինչպէս «Լորտ աֆ տը Ռինկզ»ը սատարեց Նիւ Զելանտայի զբօսաշրջութեան զարգացման։ Ղարաբաղի հարցին հանդէպ ալ հզօր պետութիւններու մօտեցումը գուցէ տարբեր ըլլայ։ Հրեաներուն օրինակը խօսուն է։ Ս. Գրոց դրուագները մեծածախս ֆիլմերու վերածելով՝ տարիներու ընթացքին անոնք քրիստոնեայ աշխարհին սիրոյն ու համակրանքին արժանացան…
Եւ աւելին, ֆիլմերու նկարահանումը, տնտեսական գետնի վրայ, Հայաստանի մէջ հարիւրաւոր մասնագէտներու գործ պիտի հայթայթէ։
Մեր տղոց խնդրածը բարեգործութիւն չէ, այլ՝ հայ գործարարներու կողմէ կատարուելիք խիստ շահաբեր ներդրում։ Համոզուած ենք, որ այս ծրագիրին յաջողութիւնը հոգեւոր մեր հայրերու եւ հայ գործարարներու բարի կամքէն կախեալ է։ Եթէ իւրաքանչիւր մեծահարուստ, տեսնելով կատարուած արհեստավարժ աշխատանքը՝ մէկ միլիոն ներդրէ, ներկայ ծրագիրը տարիէ մը իսկ իրականութիւն կը դառնայ։
էհ, թող “գոհար” սիմֆոնիկի տերերը հովանավորեն: որ սփյուռահայ կամ հայաստանյան թերն ու ինտերնետային սայթը բացում ես “պապենական Կիլիկիա”-ի ռեկլամն է դրված: հազարավոր դոլարներ անիմաստ տեղը վատնում են: Ախր իմաստը ո՞րն է: սովորական երգ է: որ Կիլիկիայի դրոշը մի հազար օրինակով տալիս են հանդիսատեսի ձեռքը, դրանով ինչ են շահու՞մ: մի վայկյանի հպարտությո՞ւն: Կարծես իրենք իրանց Կիլիակիայի թագավորական դինաստիա են հռչակել: էսքան էլ ……. ա՞զգ կլինի: երգի վերջում էլ Կիլի- Գոհար են ասում: յանիմ ի՞նչ: Կիլի-Գոհար ասելով ինչ են հասկանում: մի աղանդավոր էլ սրանք են էլի: Ու սարսափելին որ բոլորն անխտիր էս աղանդին ենթարկվում են ու ոչ մեկ չի ասում “թագավորը մերկէ” Գոհար սիմֆոնիկի տերեր ձեր փողերը անիմաստ մի ծախսեք այլ լուրջ նպատակային տեղեր: հոգնեցինք: երբեք մեր փողատերերը խելոք մարդիկ չեղան:
հարգելի մբագրությու հետաքրքիր է որ մեկնաբանությունս չդրեցիք: այսինքն բնական էր: բայց մի հարց ունեմ, որպես հայապահպանման ջադագովներ: /ի վերջո խոսքն ու գործը պիտի բռնի իրար թե չէ:/ երբ ամբողջ համացանցն ու թիվիները ողողել են Գոհար սիմֆոնիկի “պապենական Կիլիկիա” երգով, ինչո՞ւ աշխարհասփյուռ հայերի մեջ չի գտնվեց մեկ հոգի, մեկ հայագետ որ ասեր, “Ախր ոչ թե Կիլիկիյա է այլ Կիլիկիա: ես չէի ընդվզի, եթե մի օր երեխաներս չասեին Կիլիկիյա: արդեն մեկ տարի հետո կսկսեք գրել,”ինչո՞ւ եք աղավաղում հայերենը եւ ասում Կիլիկիյա” բայց այսօր, երբ սխալը ձեր բոլորի աչքի առջեւ է, լռում եք, քանի որ դրամ եմ վերցնում: էս ենք մենք, հայերս: ուրմեն առաջ ԿԻ-ԼԻ-ԿԻ-ՅԱ