Անցեալ տարի Օրենճ Քաունթի գաւառի գերագոյն ատեանի դատաւոր ընտրուած Անդրէ Մանսուրեանը, Յունուար 7ին տուած է իր երդումը՝ ստանձնելով իր նոր պաշտօնը:
Երդման արարողութեան ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին իր ընտրապայքարին, յատկապէս՝ իր ծնողքին:
37ամեայ դատաւորը նաեւ կոչ ըրաւ հայ երիտասարդներուն, որ ուսման կարեւորութիւն տան ու գիտելիքներով զինուած՝ օգտակար դառնան մարդկութեան:
Յայտնենք, թէ Անդրէ 207 հազար քուէ ապահոված էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.