ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երէկ, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը ամբողջ կազմով լքեց խորհրդարանի դահլիճը, երբ նիստը վարող փոխնախագահ Սամուէլ Նիկոյեանը անջատեց նոյն խմբակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի խօսափողը՝ խափանելով անոր ելոյթը:
Նիստին սկիզբը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, թէ Ազգային ժողովի օրակարգը պէտք է արտայայտէ ժողովուրդին պահանջները: Ան «կոալիցիոն» կառավարութեան նոր յուշագիրը որակեց «Հակասահմանադրական, որուն նպատակը խորհրդարանական ընդդիմութեան սակաւաթիւ աթոռները գրաւելն է»:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդին ելոյթը, սակայն, կիսատ մնաց, որովհետեւ Ս. Նիկոյեան անջատեց անոր խօսափողը՝ պատճառաբանելով, թէ Յովհաննէսեանի ելոյթը կապ չունի ԱԺ օրակարգին հետ եւ թէ ելոյթին յատկացուած ժամանակը աւարտած է:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան, իր ելոյթը շարունակեց ի՛ր տեղէն եւ յայտարարեց.
«Խորհրդարանում ընդդիմութեան եւ իշխանութեան ներկայ համամասնութիւնը չի բաւականացնում կուսակցապետերի ախորժակը, եւ նրանք իրենց հայեացքն ուղղել են սակաւաթիւ ընդդիմադիր այս աթոռների վրայ»:
Այս յայտարարութենէն ետք, «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը իր ամբողջ կազմով լքեց խորհրդարանին դահլիճը:
Նոյն խմբակցութեան ղեկավար Ստեոփա Սաֆարեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ ժամը 2ին, իրենց խմբակցութիւնը եւ կուսակցութեան վարչութիւնը միացեալ նիստ պիտի հրաւիրեն՝ որոշելու համար ներկայ իրավիճակին մէջ իրենց հետագայ ընելիքները: Ան չբացառեց, որ այս նիստին քննարկուի նաեւ խորհրդարանի իրենց աթոռներէն հրաժարելու հարցը:
«Ժառանգութիւն»ի յայտարարութենէն ետք, Դաշնակցութիւնը 20 վայրկեան ընդմիջում խնդրեց՝ խորհրդարանական գործընկերներուն հետ իրավիճակը քննարկելու համար: Այդ ընթացքին, ՀՅԴ պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք գտնում ենք, որ մեր գործընկերների (Ժառանգութիւն կուսակցութեան) անալիզը (վերլուծումը-Tert.am) քաղաքական իրավիճակի՝ որոշ քաղաքական ուժերի չհիմնաւորուած ախորժակների աճի վերաբերեալ՝ ճիշդ է, բայց լուծումը, որ նրանք առաջարկում են, թաքթիքական բնոյթի է եւ իրենց որոշելիքն է»:
Այդ հարցումին, որ եթէ «Ժառանգութիւն»ը պոյքոթի ենթարկէ խորհրդարանական աշխատանքները, ՀՅԴն կը միանա՞յ անոր, Յովհաննիսեանի պատասխանն էր, թէ՝ նման որոշումի համար իրենք սեփական վերլուծութիւն պէտք է կատարեն. «Չնայած կարծում եմ, որ Ազգային ժողովն այն հարթակն է, որտեղ պէտք է պայքարել», աւելցուց Վահան Յովհաննիսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.