ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 28ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Սումգայիթեան ողբերգութեան օրերէն մինչեւ այսօր այդ խնդիրի մանրամասնութիւններուն, դէպքերուն ականատես ու հետեւող Հրայր Ուլուբաբեան յայտնեց, թէ Սումգայիթեան ջարդերու արժանի փոխհատուցումը իրականացնելու համար, անհրաժեշտ է նոր յանձնախումբ մը ստեղծել:
«Ես պատրաստ եմ իմ ունեցած ամբողջ տեղեկատուութեամբ աջակցելու՝ աշխատանքները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար», նշեց Ուլուբաբեան, որ տարիներ շարունակ հանդէս եկած է իբրեւ սումգայիթցի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան նախաձեռնող խումբի ղեկավար:
Ըստ Ուլուբաբեանի, պաշտօնական աղբիւրներու մէջ, իբրեւ զոհերու թիւ կը նշուի 26 կամ 27: «Իսկ ես իմ հետազօտութիւնների արդիւնքում յայտնաբերել եմ, որ սպաննուածներն 100ից աւել են», ըսաւ Հ. Ուլուբաբեան՝ աւելցնելով, որ հետազօտութիւններու արդիւնքով, Մարտ 1ին յստակ պիտի հրապարակուին 31 հոգիի անուն-ազգանունը:
«Աղբիւրներում ջարդերի օրերը նշւում են Փետրուարի 27-29ին, սակայն խնդրում եմ ուշադրութիւն դարձնել, որ առանձին գործողութիւններով կոտորածները սկսած են Փետրուարի 26ից՝ մեքենաների ջարդեր, 6ամեայ երեխայի թունաւորման եւ սպանութեան դէպքեր…», հաւաստիացուց ան՝ ընդգծելով, որ այս հարցը պէտք է հիմա՛ բարձրացնել եւ ոչ թէ սպասել մինչեւ որ զոհերու ժառանգորդներուն հետքերը կորսուին:
«22 տարի առաջ, դատախազութիւնում հրապարակուած սպաննուածների ցուցակում սխալ ազգանուններ են եղել, կենդանի մարդկանց՝ այդ ցուցակում ընդգրկելու դէպքեր. ես անձամբ ուղղել եւ ներկայացրել եմ այն դատախազութիւն, որն ընդունուել է, իսկ այսօր նորից աղճատուած է այն, օրինակ՝ Թովմասեան-Թեւոսեան, Արամեան-Աղուանեան տարբերութեամբ վրիպակներով», ըսաւ Ուլուբաբեան:
Միւս կողմէ, Քաղաքացիական հասարակութեան եւ տարածաշրջանային առաջընթացի հիմնարկի ծրագիրներու համակարգող, փորձագէտ Շուշան Խաթլամաջեանի խօսքով, Հայաստանի մէջ կան սումգայիթեան ջարդէն մնացած շատ փախստականներ, տուժածներ, զոհերու ժառանգորդներ: Այդ փախստականները, միջազգային պայմանագիրներու համաձայն, փոխհատուցման իրաւունք ունին:
Ըստ բանախօսին, ազատագրուած տարածքներու առումով, Հայաստան ո՛չ միայն կրնայ փախստականներու վերադարձ կազմակերպել, այլ նաեւ բանալ համապատասխան բանաձեւը եւ ներկայացնել յստակ փոխհատուցման պահանջ՝ զոհերու ազգանուններով ու տեղերով, եւ այդպիսով պաշտպանել անոնց իրաւունքները:
«Ի հարկէ, դա պէտք է արուի պետական մակարդակով, միջազգային ատեաններում իրենց տեղն ունեցող համապատասխան կառոյցներով», աւելցուց Խաթլամաջեան եւ նշեց, թէ պէտք չէ ստեղծել նոր յանձնաժողովներ, քանի որ կան արդէն հասարակական եւ հանրային կազմակերպութիւններ, որոնք տարիներ շարունակ աշխատած են այդ ուղղութեամբ, այլ կարիքը կայ թարգմանիչներու եւ միջազգային իրաւաբաններու՝ գործը աւարտին հասցնելու համար. «Մենք այսօր արդիւնք պէտք է տանք, որը դրուի Մինսկի, ՄԱԿի սեղանին. Սումգայիթի գործը չի կարելի անջատել ամբողջ ղարաբաղեան պահանջատիրութիւնից», ըսաւ Շուշան Խաթլամաջեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.