ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր են ընկերային եւ իրաւական յատուկ կարգավիճակ տալ Սումգայիթի եւ Ատրպէյճանի միւս քաղաքներուն մէջ ջարդեր ապրած հայերուն: Այս մասին Փետրուար 28ին, սումգայիթեան ոճրագործութիւններու յիշատակի օրուան նուիրուած երթին ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Լարիսա Ալաւերդեանը:
Անոր խօսքով, ատրպեճանահայ փախստականներուն յատուկ կարգավիճակ տուողը պէտք է պետութիւնը ըլլայ. «Պէտք է ստեղծուի համապատասխան մի խումբ, որն ատրպեճանահայերի խնդիրները կը բարձրաձայնի միջազգային համապատասխան ատեաններում: Բացի այդ, Սումգայիթում ջարդի ենթարկուած մարդկանց պէտք է վերաբերել իբրեւ ցեղասպանութեան զոհերի, ո՛չ թէ պարզապէս՝ մահացածների: Մեր իշխանութիւնները պարտաւոր են այդ մարդկանց ճանաչել իբրեւ ցեղասպանութեան զոհերի: Այդ մարդիկ՝ շուրջ կէս միլիոն մարդ, իմ կարծիքով, պէտք է ստանան Ատրպէյճանի կողմից կատարուած ցեղասպանութեան զոհերի յետնորդներ անունը», նշեց Ալաւերդեան:
«Ժառանգութիւն»ի պատգամաւորին խօսքով, 1988ին, Սումգայիթի մէջ ջարդերու ամենաթէժ օրերուն, հալածուող հայերը կարող էին նոյնիսկ պաշտպանութիւն կազմակերպել: Ամփոփելով իր խօսքը՝ Ալաւերդեան նկատել տուաւ, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է նիւթական, բարոյական եւ տարածքային փոխհատուցում ցուցաբերել ատրպեճանահայերուն՝ այդ պետութեան իրական ստեղծողներուն:
«Մինչդեռ բոլոր այս հարցերը՝ հայրենազրկման խնդիրը ներառեալ, ըստ արժանւոյն չենք ներկայացրել միջազգային համապատասխան ատեաններին: Մենք պէտք է իմանանաք, թէ ի՛նչ է մտածում այս մասին միջազգային հանրութիւնը, ըստ նրա՝ որտե՞ղ պէտք է ապրեն իրենց բնօրրանից վտարուած մարդիկ, ինչպէ՞ս պէտք է փոխհատուցուեն նրանք», ըսաւ պատգամաւորը:
Նշենք, որ աշխարհի հայերը, Փետրուար 28ին, կը նշեն Ատրպէյճանի մէջ սումգայիթեան ջարդերու 23րդ տարելիցը: æարդերը, սկսելով 1988 Փետրուար 26ին, ներառեցին հայկական բնակչութեան նկատմամբ զանգուածային բռնութիւններ, սպանութիւններ ու թալան: Պաշտօնական տուեալներով, նշեալ անկարգութիւններուն ընթացքին զոհուած էր 26 հայ, իսկ 100 ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուած էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.