
ԿԱՐԷՆ ՊՈՍԹԱՆԵԱՆ
ԼՈՍ ԱԼԱՄԻԹՈՍ, Քալիֆորնիա.- «Ֆերահեան» վարժարանէն 40 աշակերտներ մասնակցեցան Փետրուար 19ին, Լոս Ալամիթոսի մէջ կայացած «ՄԱԿի կրկնօրինակ» մրցանքի խորհրդաժողովին, որուն նպատակն էր ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին օրինակով քննարկումներ կատարել միջազգային հարցերու շուրջ:
Այս մրցանքին համար ընտրուած երկու նիւթերն էին՝ «Հիւսիսային Քորէան եւ հիւլէական զէնքերու տարածման զսպումը» եւ «Նախկին Եուկոսլաւիոյ միջազգային քրէական ատեանը»:
Քանի մը ամիսներու ընթացքին, այս հարցերուն շուրջ բանաձեւեր պատրաստելու համար, աշակերտները ուսումանասիրութիւններ կատարեցին այս հարցերուն շուրջ, իսկ մրցանքին օրը, մասնակցեցան զանազան խմբակներու խորհրդակցութեանց եւ բանաձեւերու խմբագրումի աշխատանքներուն:
Աւարտին, վարժարանի աշակերտներէն Ֆարահ Քանտահ եւ Արեգ Տէմիրճեան արժանացան յատուկ յիշատակութեան մրցանակներու: Շնորհաւոր բոլոր մասնակիցներուն:
Վարժարանի ուսանողները Մարտ 4-6ին պիտի մասնակցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ կայանալիք «ՄԱԿի կրկնօրինակ»ի մրցանքին: