
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիր (The Genocide Education Project)
կազմակերպութեան եւ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի նախաձեռնութեամբ, Լոս Անճելըսի պետական վարժարաններու պատմութեան ուսուցիչներուն համար աշխատանիստ մը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 12ին եւ Մարտ 26ին:
Ձեռնարկին նպատակն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու վերաբերող Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնքին գործադրութիւնը դիւրացնել:
Կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան կոչ կ՛ընէ բոլորին, որ իրենց կարելին ընեն՝ մեծագոյն թիւով ուսուցիչներու մասնակցութիւնը ապահովելու համար, շեշտելով, թէ իւրաքանչիւր ուսուցիչ, իր կարգին, տասնեակներով աշակերտներու պիտի փոխանցէ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին՝ իրեն փոխանցուելիք գիտելիքները: Մոմճեան կ՛աւելցնէ, թէ մասնակից ուսուցիչները վարկանիշ ու դասաւանդման նպաստող նիւթերու ծրար մը պիտի ստանան:
Կազմակերպութեան կրթական բաժինի պատասխանատու Սարա Քոհըն ուսուցիչներուն պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ընթացքին գործածուելիք զանազան ծրագիրներ, պատմական փաստաթուղթեր, տեսաերիզներ եւ համացանցին ընձեռած կարելիութիւնները:
Ներկայացումներ պիտի ունենան նաեւ պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, հեղինակ Քէյ Մուրատեան եւ ցեղասպանութեան դասաւանդման ջատագով՝ «Facing History and Ourselves» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչ մը:
Հայկական եւ ոչ-հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու ներկայութիւնը աւելի հետաքրքրական դարձուցած է Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու շուրջ ներկայացումն ու քննարկումը:
Մասնակցիլ փափաքողները պէտք է արձանագրուին մինչեւ Մարտ 5: Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ արձանագրուելու համար, դիմել info@genocideeducation.org հասցէին կամ (415) 264-4203 թիւին: